ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱԼԸ ՕԳՏԱԿԱ՞Ր Է
Մարդիկ գիրք կարդալը սովորութիւն դարձուցած են ոչ միայն զբաղելու, այլեւ իրենց աշխարհահայեացքը
հարստացնելու եւ մտահորիզոնը ընդլայնելու համար։ Ընթերցումը օգտակար է նաեւ լեզուի, բառամթերքի եւ արտայայտչաձեւի զարգացման համար։

Աւելին իմանալու համար կը ներկայացնենք ընթերցումի քանի մը առաւելութիւններ։
Ա) Ընթերցանութիւնը կ’ընդլայնէ աշխարհահայեացքը։
Գիրք կարդալով աւելի լաւ կ’ընկալէք ու կը տեսնէք ձեզի շրջապատող աշխարհը եւ ամենակարեւորը՝ ձեր ներաշխարհը: Գիրք ընթերցելով անպայման նոր գիտելիք մը ձեռք կը բերէք նաեւ։
Բ) Ընթերցանութիւնը կը պահպանէ մարմնի եւ հոգիի առողջութիւնը։
Տառերը բառերու վերածել, բառերը՝ նախադասութիւններու, նախադասութիւնները՝ կերպարներու, ընկալելով նախադասութիւններուն միտքը, այլ խօսքով հեղինակին միտքը։ Ասիկա շատ լաւ վարժութիւն է ուղեղին համար, որ կարելի է իրականացնել գիրք կարդալով։ Ընթերցանութիւնը կը նպաստէ նաեւ հոգեկան խաղաղութեան։ Եթէ անտրամադիր էք, գիրք մը կարդացէք ու հոգեպէս պիտի փոխուիք։
Գ) Ընթերցանութիւնը կ’արժեւորէ ձեր ժամանակը։
Ընթերցանութիւնը երբեք ձանձրոյթ չի պատճառեր, որովհետեւ գիրքերը, թերթերը տարաբնոյթ գիտելիքներով հարուստ են։ Անհրաժեշտ է կարդալ տարբեր ժանրեր, որպէսզի գտնէք ձեզի հաճելի համարուող ժանրը:
Դ) Ընթերցանութիւնը ջղային համակարգը կը հանգստացնէ եւ քունը կը կարգաւորէ։
Ծնողները, ուսուցիչներն ու ընդհանրապէս մեծերը այնքան ուրախ կ’ըլլան, երբ տեսնեն, որ իրենց զաւակը կամ աշակերտը գիրք կ’ընթերցէ եւ իր մտային կարողութիւնը կը զարգացնէ, միեւնոյն ատեն ջիղերը կը հանգստացնէ դպրոցական հեւքոտ առօրեայէն ետք։ Օրուան աւարտին ընթերցանութիւնը կ’օգնէ հանգիստ քնանալու։
Ե) Ընթերցանութիւնը կը նպաստէ կեդրոնացման։
Կարելի է գիրք կարդալ, միեւնոյն ժամանակ երաժշտութիւն լսել եւ աշխատիլ: Սակայն գիրքին իւրաքանչիւր էջը, միտքը հասկնալու համար պէտք է կեդրոնանալ անոր վրայ։ Հետեւաբար յաճախակի գիրք ընթերցելով կրնաք զարգացնել ձեր կեդրոնացման ունակութիւնը։
Զ) Ընթերցումը կը հարստացնէ բառամթերքը։
Անկասկած ընթերցումի պահուն դուք կը հանդիպիք նոր բառերու, երբեմն ստիպուած կ’ըլլաք բառարան օգտագործել զայն հասկնալու համար, կամ պարբերութիւնը քանի մը անգամ կը կարդաք բառին իմաստը ըմբռնելու համար։ Ուստի ընթերցումին հետեւանքով ձեր բառամթերքը կը հարստանայ եւ ատիկա իր անդրադարձը կ’ունենայ ձեր խօսակցութեան եւ գրելու որակին վրայ։
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
—————————————–
ԻՆՉՈ՞Ւ
Ռուբէն Սեւակ
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ զիս սիրեցիր,
Փոքրի՛կ աղջիկ, քեզի մե՜ղք էր.

Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր,
Դուն ծե՜ր արծիւ մը բանտեցիր…
Կապոյտ աչուիդ երբ որ բացիր,
Կապո՜յտ աղջիկ՝ պլպուլն երգ է՛ր.
Քե՛զ ալ սիրոյ մրմունջ պէտք էր,
Դուն գուժկան մռո՛ւնչս ընտրեցիր…
Ես կ’երթամ մի՜շտ, անծայրածի՜ր
Դամբաններ են ոտքիս հետքե՛ր.
Քեզ սիրոյ մեղմ սի՜ւք մը պէտք էր,
Դուն փոթորկի՜ն կուրծքդ բացիր…
Կ’այրի՜ն աչերըդ սեւածիր,
Պիտի մեռնիս, այդպէս մ’երգե՜ր.
Քեզի փոքրիկ սէր մը պէտք էր,
Դուն Սէ՛ր-Աստուածը սիրեցիր…
Աննա Սաղպազարեան