Սուրիոյ ժողովուրդն ու տարածաշրջանային, արաբական ծոցի եւ արեւմտեան երկիրներ կը հետեւին Սուրիոյ նոր իշխանութեան խոստումներուն լոյսին տակ իրականացուող քայլերուն։
Այնուամենայնիւ, Սուրիոյ վերականգնումին համար կարեւոր պահանջ է արեւմտեան երկիրներու կողմէ սահմանուած
պատԺամիջոցներու չեղեալ համարումը, զոր արեւմուտքը, ըստ յայտարարուած տեղեկութիւններու, քայլ առ քայլ կը կատարէ, որպէսզի սուրիական գետնի վրայ նոր իշխանութիւններուն կողմէ իր ակնկալութիւններուն համապատասխանող քայլեր շօշափէ։
Իսկ ինչպիսի՞ շօշափելի քայլեր կ’ակնկալուին երկուստեք։
Սուրիոյ նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը այս շաբաթ իրենց հարցազրոյցներու ընթացքին նախ շեշտեցին, որ Սուրիոյ մէջ բարեփոխումները քայլ առ քայլ ընթացք կ’առնեն։
Չորեքշաբթի օրն իսկ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հրապարակեց Ազգային երկխօսութեան համագումարի նախապատրաստման յանձնաժողովի յառաջացման որոշումը, ինչ որ խոստացուած էր նախապէս։ Նկատելի է նաեւ յանձնաժողովին մէջ իգական սեռի երկու ներկայացուցիչներու ներգրաւումը։
Յանձնաժողովը պիտի նախապատրաստէ համագումարի օրակարգն ու հրաւիրէ սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկներու ներկայացուցիչները, որպէսզի խորհրդակցութիւններ կատարուին, որոնց լոյսին տակ յառաջիկային տեղի ունենայ նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացը եւ կազմուի Սուրիոյ անցումային շրջանի կառավարութիւնը։
Նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը միաժամանակ շեշտեցին պատիժներու չեղեալ համարումի անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ըստայնմ կարելի ըլլայ ձեռնարկել վերականգնումի աշխատանքներուն եւ գաղթականներու վերադարձի համապատասխան պայմանները ստեղծել։
Սուրիոյ նախագահը իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ շեշտեց, որ Սուրիան կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ տարածաշրջանի խաղաղութեան գործընթացքին մէջ, ակնարկեց նաեւ Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւոր
դերին, յատկապէս վերաշխուժացնելու մետաքսի ճանապարհը։
Սուրիոյ իշխանութիւնները կը ջանան վերականգնել երկրին յարաբերութիւնները տարածաշրջանի, արաբական ծոցի եւ այլ երկիրներու յատկապէս Արեւմուտքի հետ։ Յարաբերութիւններու այս բնականոնացումը պիտի նպաստէ Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դերի վերակենդանացման, յատկապէս երբ Սուրիոյ մէջ տարբեր երկիրներ ունենան իրենց դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները, ցամաքային եւ օդային հաղորդակցութիւնները վերաշխուժանան եւ երկիրը թօթափէ պատերազմի տարիներու լարուածութիւնը ու համերաշխութիւն տիրէ սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկներուն միջեւ, բոլորին իրաւունքներուն երաշխաւորումով։
Եթէ այս համերաշխութիւնը անկեղծօրէն եւ սուրիական ճիգերով հաստատուի, առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան, երկրէն ներս խաղաղութիւնն ու վերականգնումը ամուր հիմերու վրայ կրնան հաստատուիլ անկասկած։