ՍՈՒՆԿԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սունկը հովանոցաձեւ, միացօղուն եւ մսոտ բոյս մըն է։ Սունկը անարմատ է, անտերեւ, անծաղիկ ու անպտուղ։ Սունկի կարգ մը տեսակներ ուտելի են, ուրիշներ՝ թունաւոր:
Սունկը յաճախ կը կոչուի նաեւ բանջարէ միս, քանի որ կը պարունակէ այնպիսի սննդարար տարրեր, զորս կարելի է գտնել միսին մէջ:
Սունկը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, հետեւաբար  չի գիրցներ։ Հարուստ է հանքանիւթերով եւ սննդարար տարրերով, ինչպէս օրինակ՝ պղինձը,ֆոսֆորը, երկաթը, կալիոմը (փոթասիոմ), մակնիզիումը, զինքը….եւ այլն, որոնք շատ կարեւոր են արեան բջիջները յառաջացնելու համար:
Սունկի տեսակները հարուստ են B, B6, C եւ D կենսանիւթերով: Անոնք կարողութիւն ունին բարձրացնելու մարմնին
լաւ ճարպերու համեմատութիւնը:
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի աւելի քան 2 միլիոն սունկի տեսակ, որոնց մէջ կան նաեւ գիշատիչ տեսակներ: Սունկերու 90%-ը կազմուած է ջուրով:
1985-ին ԱՄՆ-ի Ուիսքանսըն նահանգին մէջ գտնուած է ամենամեծ սունկը, որ 140 քկ.  ծանրութիւն ունի:
Ամէնէն արժէքաւոր սունկը թրաֆըլն է, որ մէկ քկ. ծանրութիւն ունի եւ 2500 ամ.  տոլար կ’արժէ:
Հետաքրքրականը այն է, որ գոյութիւն ունի սունկի քալող տեսակ մը, որ կը կոչուի փլասմոտիոմ։ Այս սունկը կարողութիւն ունի քալելու, բայց շատ դանդաղ, այսինքն՝ քանի մը օրուան ընթացքին մէկ մեթր կրնայ յառաջանալ:
Սունկը դանդաղ կ’աճի, տարեկան ընդամէնը 19-21 սմ.:
Սունկը կրնանք օգտագործել միսի փոխարէն, որովհետեւ շատ հարուստ է սպիտակուցով (փրոթէյն):
Ուտելի սունկերը, իրենց տարբեր տեսակներով, կը բարելաւեն ձեր առողջութիւնը հետեւեալ առաւելութիւններուն շնորհիւ.
Ա) Կը պաշտպանեն մարմինը քաղցկեղէն
Հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ շաբաթական 1-2 գաւաթ սունկ ուտելը կրնայ  45% համեմատութեամբ նուազեցնել քաղցկեղի վտանգը: Ճափոնի մէջ հիւանդները կրնան նոյնիսկ ռէիշի կոչուող սունկի բաղադրութեան վրայ հիմնուած դեղ ստանալ՝ որպէս քաղցկեղի բուժման միջոց: Սունկերը ուժեղ հակաօքսիտանթներ կը համարուին։
Բ) Կը զօրացնեն ուղեղը
Սունկերու հակաօքսիտանթները եւ B կենսանիւթը կ’օգնեն ուժեղացնելու ուղեղի ջղային հաղորդիչներու աշխատանքը: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ շաբաթական 2 գաւաթ սունկ ուտելը կրնայ մասամբ կրճատել ճանաչողական խանգարումներու զարգացման հաւանականութիւնը: Այլ հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ սունկերը կրնան պաշտպանել մարդը ջղային հիւանդութիւններէ, ինչպէս՝ Ալզհայմըրէ կամ Պարքինսընէ:
Գ) Կը Պաշտպանեն սիրտը
Սունկերը իրենց կալիոմով (Փոթասիոմ) հարուստ եւ նատրոնով (Սոտիոմ) ցած պարունակութեամբ կ’օգնեն կանխելու երակներու պատերուն վրայ իւղի կուտակումը: Անոնք կը նպաստեն արեան ճնշումի հաւասարակշռութեան եւ մաղձաճարպի նուազեցման։
***

Սունկով Ապուր

Բաղադրութիւն
500 կրամ «շամբինիոն» սունկ
2 ա. դ.  կարագ
1 սոխ
1 ստեպղին
2 գետնախնձոր
Կէս կապ ազատքեղ
Թթուասեր (քրէմ ֆրէշ)
Աղ, սեւ պղպեղ։
Պատրաստութիւն 
Սունկերը մաքրել, լուալ եւ բարակ շերտերու վերածել։ Կաթսայի մէջ ջուր լեցնել, եռալէն ետք աւելցնել սունկերը եւ եփել 20 վայրկեան, ապա քամել զանոնք:
Տապակի մը մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել մանր կտրտուած սոխն ու ստեպղինը: Լաւ մը թմրեցնելէ ետք,  աւելցնել եփած սունկերը եւ բոլորը միասին դարձնել կարագին մէջ  5-10 վայրկեան:
Այս խառնուրդին վրայ աւելցնել մաքրուած, լուացուած եւ մանր կտրտուած գետնախնձորները, աւելցնել մէկ գաւաթ գաղջ  ջուր, թթուասեր (քրեմ ֆրէշ), աղ եւ սեւ պղպեղ։ Բոլորը միասին 15 վայրկեան եփել, ապա աւելցնել մանրուած ազատքեղն ու կրակը մարել:
Կաթսային կափարիչը փակ  պահել 15 վայրկեան, ապա հիւրասիրել:
Բարի ախորժակ։