Լեհ իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ 1944-ին առաջին անգամ գործածուած ցեղասպանութիւն եզրի ծննդոցէն անցած է 81 տարի, սակայն պատմութեան մէջ փաստագրուած օրինակներուն վկայակոչումներն ու դատապարտումները միայն բաւարար չեն եղած կասեցնելու նորերու գործադրութիւնը, այնքան ատեն որ չեն հատուցուած ցեղասպանութեան զոհերը եւ անպատիժ մնացած են ցեղասպանները։
Ցեղասպանութիւններու հետեւանքը անկախաբար իրենց պատահած ժամանակէն, պատճառաբանութիւններէն եւ ըստ տեսակի անուանումներէն՝ կրօնական, ցեղային, թէ որեւէ այլ խտրականութեան, ունեցած է նոյն արդիւնքը՝ հայրենազրկում, ֆիզիքական անէացում, պատմութեան խեղաթիւրում , ցեղասպանուած հաւաքականութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան փճացում, տուեալ հաւաքականութեան բնական զարգացման եւ սեփական հայրենիքի մէջ ստեղծագործ կեանք վարելու հնարաւորութենէ զրկում, արմատախլում։
Իսկ տարբերութիւնը եղած է ցեղասպանութեան ենթարկուած կողմի պահանջատիրութեան ուժգնութիւնը՝ կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ հակազդեցութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը, որ տարուբերած է յանձնուողականութենէ մինչեւ ազգային համընդհանուր դիմադրութիւն՝ մարտադաշտերէն քաղաքական հարթակներ։
Նոյեմբեր 2024-էն ի վեր համայն մարդկութեան աչքերուն առաջ կ’իրագործուի ցեղասպանութեան նորագոյն տարբերակը՝ բռնագրաւեալ պաղեստինեան Կազզայի մէջ։ Բնաջնջում բառին գործնականացման «գունաւոր» ժապաւէնները կը ցուցադրուին «քաղաքակիրթ» աշխարհին։
Եթէ հոս աւարտէր դժոխային այս ժապաւէնը, թերեւս մտածէինք,որ բռնագրաւեալ հայրենիքի մը ազատագրման եւ արժանապատիւ կեանքի համար պայքարի ելած ժողովուրդի մը անհաւասար կռուի մէջ նորագոյն ողջակիզումն է եղածը, սակայն հազիւ կրակմարի դժուարահաս եզրակացութեան գործադրումը, քաղաքակիրթ աշխարհի եւ մարդկային իրաւանց առաջատար ներկայացող ԱՄՆ նախագահի կողմէ, որպէս Կազզայի հարցի հիմնական հանգուցալուծում, բնակչութեան «մարդավայել» կեցութիւն ապահովելու «գթասրտութեամբ» ժողովուրդ մը իր հայրենիքէն բռնագաղթի ենթարկելու մասին յայտարարուած առաջարկութիւն/պահանջը եւ զայն կազզացիներուն համար մարդ արարածի վայել ապրելու համար բնակավայր մը ապահովելու նպատակով կատարած ըլլալու մասին տուած անհեթեթ բացատրութիւնները ողբերգական են մարդկութեան համար եւ մեծապետութեան հոգեկան սնանկութեան արտայայտիչ ցուցանիշն են, որուն համար հայրենիքը սովորական կալուածային տարածք է սոսկ, իսկ բռնագաղթը՝ մարդասիրութիւն։
Ով ականջ ունի թող լսէ… դեռ ինչերո՜ւ ականատես պիտի ըլլանք։
Գրիգոր Տունկեան