Ո՞ՐՆ Է ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴԻՐՔԸ
Մէջքի վրայ քնանալը։ Այս դիրքը լաւագոյնն է ողնաշարի առողջութեան համար։
Մէջքի վրայ քնանալը կը համարուի լաւագոյն դիրքերէն մէկը, քանի որ այս պարագային մարմինին ծանրութիւնը հաւասար ձեւով կը բաշխուի, ինչ որ կը պահպանէ ողնաշարի բնական կորութիւնը:

Առաւելութիւններ
Կը նուազեցնէ մէջքի եւ վիզի ցաւերը։
Կը կանխէ մաշկի կանուխ ծերացումը, քանի որ դէմքը չի շփուիր բարձին հետ:
Ինչպէս կարելի է բարելաւել այս դիրքը եւս։
Բարձ մը տեղադրեցէ՛ք ծունկերուն տակ, ողնաշարին ճիշդ կորութիւնը պահպանելու համար։ Այս պարագային, խուսափեցէ՛ք գլխու տակի շատ մեծ բարձերէն, որոնք կրնան վիզի մկանները լարուած պահել:
Այս դիրքը յարմար է անոնց համար, որոնք ունին ողնաշարի հարցեր կամ վիզի ու ծոծրակի ցաւեր:
Կողքի վրայ քնանալ։ Այս մէկը լաւագոյն ընտրութիւնն է շնչառական հարցեր ունեցողներուն համար եւ յղութեան ընթացքին։
Կողքի վրայ քնանալը ամէնէն տարածուած դիրքերէն մէկն է։ Ան ունի հետեւեալ առաւելութիւնները.
Կը նուազեցնէ խռկալը, կը բարելաւէ շնչառութիւնը եւ յարմար է յղի կիներու համար:
Ինչպէ՞ս բարելաւել այս դիրքը
Բարձ մը տեղադրեցէ՛ք ծունկներուն մէջ, որպէսզի ողնաշարը ճիշդ դիրքի վրայ մնայ։

Խուսափեցէ՛ք կզակը կրծքավանդակին շատ մօտեցնելէ, քանի որ ատիկա կրնայ վզի մկանները լարուած պահել։
Ձախ կողմի վրայ քնանալը աւելի օգտակար կը համարուի, քանի որ ան արեան շրջանառութիւնը կը բարելաւէ։
Փորի վրայ քնանալ։ Այս ձեւը վզին համար ամէնէն վատ տարբերակն է։
Թէեւ որոշ մարդիկ կը նախընտրեն այս դիրքը, սակայն թելադրելի չէ, քանի որ կրնայ առողջական լուրջ հարցեր յառաջացնել:
Լաւագոյն դիրքը կախեալ է ձեր առողջական կարիքներէն.
Եթէ յաճախ մէջքի ցաւեր ունիք, փորձեցէ՛ք քնանալ մէջքի վրայ:
Եթէ ունիք շնչառական հարցեր, կամ խռկոց, կողմնակի քնանալը լաւագոյն տարբերակն է:
Եթէ ստամոքսի այրուածք ունիք, փորձեցէ՛ք քնանալ ձախ կողմի վրայ:
Եթէ փորի վրայ քնանալով վիզի կամ մէջքի ցաւ զգաք, մտածեցէ՛ք այլ դիրքի վրայ քնանալու մասին:
Քունի ճիշդ դիրքը կրնայ էականօրէն բարելաւել ձեր քունի որակը եւ զերծ պահել ձեզ ցաւերէ եւ անհանգստութիւններէ:
Աղբիւր՝
Doctors.am