ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին յայտարարեց որ ֆութպոլի 2024 – 2025 տարեշրջանի մրցումները պիտի սկսին 10 Ապրիլին: Դաշնութիւնը իր անդրանիկ նիստով որոշեց նաեւ հաւաքականներու պատասխանատուներու եւ մարզիչներու անունները: Սուրիոյ ֆութպոլի  առաջին հաւաքականի մարզիչութիւնը պիտի շարունակէ սպանացի Խոսէ Լանան, բայց փոփոխութեան ենթարկուած են անոր օգնականներն ու կազմի պատասխանատուն:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը ուղղուեցաւ Քաթարի մայրաքաղաք՝ Տաուհա, ուր պիտի ունենայ երկու մրցում՝ Իմարաթի եւ Պահրէյնի կազմերուն հետ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՀՈՔԻԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ
Գամփռը դարձաւ Հայաստանի  2025 թուականին տեղի ունենալիք տափօղակով Հոքիի աշխարհի առաջնութեան պաշտօնական խորհրդանիշը: Այս մասին յայտնեց  Հոքիի դաշնութիւնը ընդգծելով, որ փորձագիտական դատակազմը ընտրեց հեղինակ Էլլա Ամատունիի վերոնշեալ խորհրդանիշը : «Գամփռը Հայկական լեռնաշխարհի բնիկ պահակ շուներու ցեղատեսակ է, որ յայտնի է իր ուժով, ճարպիկութեամբ եւ դիմացկունութեամբ։ Գամփռը ունի ամուր, հսկայ մարմին եւ հաստ մորթ, որ զինք կը  պաշտպանէ բոլոր եղանակային պայմաններէն: Ըլլալով հազուագիւտ ցեղատեսակ՝ ան դարձած է հայ ազգի իւրայատուկ խորհրդանիշը: Այդ իսկ պատճառով կը կարծեմ, որ գամփռը կատարեալ խորհրդանիշ է՝ Հայաստանը ներկայացնելու տափօղակով հոքիի աշխարհի առաջնութեան», ներկայացնելով իր աշխատանքը ըսաւ Էլլա Ամատունի:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները բողոք ներկայացուցին խումբի կիսապաշտպան Ժուտ Պելինկհամի հեռացման որոշումին դէմ։ Ան մրցավարին հանդէպ ունեցած արտայայտութեան համար կարմիր քարտով հեռացուած էր Լա Լիկայի 24-րդ փուլի Օսասունայի հետ տեղի ունեցած մրցումի ընթացքին: Ըստ  AS-ի տուեալներուն, Ռէալի ներկայացուցիչները վստահ են, որ Պելինկհամի արտասանած բառերը արժանի չեն խիստ պատիժի եւ կարմիր քարտի: Նախապէս Ռէալի գլխաւոր մարզիչ Գարլո Անչելոթի նոյնպէս յայտնած էր, որ անգլիացին որեւէ մէկուն վիրաւորական խօսք չէր ուղղած: Յիշեցնենք, որ հանդիպման 39-րդ վայրկեանին, գլխաւոր մրցավար Խոսէ Մունուէրա Մոնտերո հեռացուցած էր Պելինկհամը՝  զինք վիրաւորած ըլլալու մեղադրանքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան