Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան զարմանալի չի համարեր Ատրպէյճանէն Հայաստանի հասցէին հնչող մշտական սպառնալիքներն ու վտանգաւոր ուղերձները։ Փոխնախարարը նաեւ Պաքուի համար ամօթալի կը համարէ այն իրողութիւնը, որ հայ գերիները տակաւին Ատրպէյճան կը մնան։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Պարոյր Յովհաննիսեան այս մէկը արտայայտած է Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ընթացող Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի 4-րդ նիստին ունեցած ելոյթի ընթացքին՝ խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններէն եւ դրացի միւս երկիրներու հետ յարաբերութիւններէն։ «Մենք կը խնդրենք, որ մեր բոլոր գործընկերները ներգրաւուին այն ջանքերուն մէջ, զորս կը ներդնենք խաղաղութեան համար», ըսած է Յովհաննիսեան։
Ատրպէյճան 2023 թուականի Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական յարձակումէն ետք, ապօրինաբար ձերբակալած եւ շինծու մեղադրանքներ առաջադրած է Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ՝ Արկատի Ղուկասեանի, Բակո Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը վարած Դաւիթ Իշխանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Լեւոն Մնացականեանի, Պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանի, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի։
Կեղծ մեղադրանքներ առաջադրուած են նաեւ Վասիլի Բեգլարեանի, Էրիգ Ղազարեանի, Դաւիթ Ալահուերտեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի, Լեւոն Բալայեանի, Մաթաթ Բաբայեանի, Գարիկ Մարտիրոսեանի եւ Մելիքսէթ Փաշայեանի։
Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ քրէական գործը անջատուած է միւսներու գործէն, դատաքննութիւնը ընթացած է առանձին։
Պարոյր Յովհաննիսեան յիշեցուց, որ Երեւան Պաքուին ներկայացուցած է խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ հերթական իր առաջարկները՝ իր տեսակէտները ներկայացնելով ընդամէնը երկու չհամաձայնեցուած յօդուածներու շուրջ, սակայն Ատրպէյճանի կողմէ արձագանք չէ ստացած։
Փոխնախարարը, այնուամենայնիւ, յոյս յայտնած է, որ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ կողմերը կ’ունենան դրական ընթացք: