Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին նամակ գրած է՝ յորդորելով միջամտել եւ դադրեցնել պատրիարքութեան դէմ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին ձեռնարկած քայլերը եւ վերսկսիլ իր կողմէ նշանակուած կառավարական յանձնախումբի հանդիպումները՝ խնդիրին լուծում գտնելու համար: Այս մասին դիմատետրի էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչեան:
Պատրիարքարանը մէկ օր առաջ ահազանգած էր, որ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը կը փորձէ բռնագրաւել դարեր շարունակ Հայոց պատրիարքարանին պատկանող անշարժ գոյքը, որպէսզի, իր իսկ պնդումով, բռնի կերպով գանձէ 1994 թուականէն ի վեր համայնքային տուրքերու համար գոյացած պարտքերը:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը, ի նշան բողոքի, ներկայացուցած է վարչական հայց, որուն լսումը նշանակուած է 24 Փետրուարին:
Կը յիշուի, որ եթէ հայցը մերժուի, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը պիտի բռնագրաւէ պատրիարքարանի անշարժ գոյքն ու զայն աճուրդի հանէ, որպէսզի բռնի գանձէ վիճայարոյց պարտքերը, որոնք դատական հոլովոյթներով երբեք չեն ապացուցուած:
Մինչ այդ, Երուսաղէմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու ղեկավարները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտած են Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին դէմ Երուսաղէմի քաղաքապետութեան քայլերը՝ զանոնք նկատելով անընդունելի: