Սուրիոյ քաղաքական կեանքին մէջ վերջին տասնամեակներուն նախադէպը չունեցող երեւոյթ մը արձանագրուեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Սուրիոյ տարբեր համայնքներու, կրօնքներու, գաղափարախօսութիւններու պատկանող ներկայացուցիչներ։
Ու թէեւ կարգ մը կողմերու բացակայութիւններ ալ արձանագրուեցան, այդուամենայնիւ Սուրիոյ մէջ պատմական յառաջխաղացք մը տեղի ունեցաւ, որովհետեւ իշխանութիւնը այլակարծութեան դուռը բաց յայտարարեց ու յոյս ներշնչեց սուրիական ընկերութեան բոլոր տարրերուն մասնակցութեամբ ապագայ Սուրիան կերտել փափաքողներուն։
Նախագահը իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր Սուրիան բոլորիդ կոչ կ’ուղղէ խորհրդակցելու եւ համաձայնելու, ոչ թէ տարակարծութիւններու ալիքին մէջ մնալու: Կոչ կ’ուղղէ խորհրդակցելու ձեր երկրի, ձեր ազգի եւ ձեզի յաջորդող սերունդներու ապագային մասին: Ներկայ իրադարձութիւնները պատմական նոր փուլի մը խորհրդանիշն են»:
Միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի խորհրդաժողովի բացման իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է «հաւասարակշռութեան եւ բոլորին հետ գործակցելու տրամաբանութեան վրայ», աւելցնելով, որ Դամասկոս կը ձգտի «զարգացնել կայուն յարաբերութիւններ այն երկիրներուն հետ, որոնք կը յարգեն մեր ինքնիշխանութիւնը՝ նաեւ բաց պահելով երկխօսութեան դուռը որեւէ կողմի հետ, որ կը փափաքի վերականգնել իր յարաբերութիւնները մեզի հետ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ»։
Ժողովի մասնակիցները համակարծիք էին այն բանին շուրջ,որ խորհրդաժողովը հնարաւորութիւն է ներկայ վարչակազմին օգնելու, որ մշակէ անցումային փուլի յստակ ճանապարհային քարտէզ՝ լուծելու երկրին ու ժողովուրդին դիմաց ծառացած կարեւորագոյն հարցերն ու զերծ պահէ երկիրը այնպիսի վտանգներէ, որոնք կը սպառնան քաղաքացիական եւ հասարակական խաղաղութեան ու երկրի տարածքային ամբողջականութեան:
Իրականութեան մէջ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնութեան պահպանումը, երկրի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը կը շահագրգռեն նաեւ տարածաշրջանային երկիրները։ Ահա թէ ինչո՛ւ խորհրդաժողովը առաջին ողջունողները եղան անոնք։
Ընթերցելով ժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը կարելի է ըսել, որ Սուրիոյ ժողովուրդին երկրի բարեկարգման ապագայ հեռանկարը կ’արտացոլայ անոր մէջ։
Այդուամենայնիւ, այս բոլորին գետնի վրայ իրականութեան վերածուիլը, գործնականացումը երկիրը պիտի առաջնորդեն դէպի նոր ուղի, պայմանաւ, որ արտաքին միջամտութիւնները չխանգարեն բարեկարգումի ընթացքը եւ սուրիական ընկերութեան տարրերուն միջեւ հաշտութիւնն ու քաղաքական տեսլականներու մերձեցումը իշխեն անցումային փուլի տրամաբանութեան վրայ։