Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամ երկրչփ. Մարալ Գալայճեանի, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեանի, ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամներու, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, անդամուհիներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն, դիտել տալով, որ 1574 տարիներ առաջ, քաջն Վարդան եւ 1036 զինուորները, հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ՝ հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեամբ մղեցին պատերազմը, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, եւ իրենց հայեացքը Քրիստոսի ուղղելով՝ չընկրկեցան, այլ նահատակութեան գնով պահեցին մեր հաւատքն ու ինքնութիւնը։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ այսօր Սրբոց Վարդանանց 1036 նահատակները զգաստութեան կոչնակը կը հնչեցնեն, հրաւիրելով մեզ մեր հայեացքը ուղղելու մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսին եւ կառչած մնալու մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն։
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ համբերութեան եւ զօրութեան հոգին անպակաս ըլլայ մեր մէջ, որպէսզի փորձութիւններուն մէջ առանց յուսահատելու մեր հաւատքը գործի վերածենք եւ աղ ու լոյս դառնանք մեր շրջապատին։
Արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նուիրուած սրբապատկերի օրհնութիւնը կատարուեցաւ։ Սրբապատկերը նուիրուած է Արշալոյս Խաչատուրեանի եւ իր դուստրերուն՝ Ծովինար, Թամար եւ Նորա Խաչատուրեաններուն կողմէ։ Սրբանկարը գծագրուած է՝ Հուրի Սիւլիւքճեանին կողմէ։
Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի հին եւ նոր ննջեցեալներու եւ ննջեցեալ բարերարներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Որմէ ետք, եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը Վարդանանց տօնին նուիրուած շարականներ եւ երգեր երգեց, ինչպէս նաեւ փոքրիկ դպիրներու երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ վարդանաշունչ երգերով։
Այնուհետեւ, ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի «Գոհարիկ Համալեան» սրահէն ներս, Սրբազան Հօր ներկայութեամբ սուրճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։
Խօսք առին ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամը, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Աւարտին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քահանայ հայրերը եւ թաղական խորհուրդի ատենապետը, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, շնորհակալագիրով գնահատեցին սրբապատկերի նուիրատուները եւ եկեղեցւոյ պատմագիրքը նուիրեցին անոնց։
Մարինա Պօղիկեան