ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՌԱՀԵԼ ՁԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՊԱԳԱՆ

Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումի 2025-ի «Աշխատանքի Ապագան» զեկոյցին մէջ,  մինչեւ 2030 թուական ամէնէն արագ աճող եւ պահանջուած աշխատատեղերը կը ներառեն՝ արհեստական բանականութեան, վերականգնող կենսուժի, համացանցային անվտանգութեան, ծրագրաւորումներու, երկրաչափերու եւ ելեկտրական սարքերու յատուկ մասնագէտներու աշխատատեղերը։
Զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը 2025-2030 տարիներուն դիմագիծ պիտի փոխէ՝ ճարտարագիտութեան սրընթաց զարգացումին եւ արհեստական բանականութեան լայնատարած օգտագործման հետեւանքով, ուստի աշխատանքի շարք մը ոլորտներ, ինչպէս տպագրական, տուեալներու մուտքագրման, դրամատնային ծառայութեան, գանձապահութեան եւ այլն կրնան անհետանալ ու անգործութեան մատնել շատերը, փոխարէնը կրնան ստեղծուիլ աշխատանքի նոր ոլորտներ, նոր մասնագիտութիւններով։
Յառաջիկայ հինգ տարիներուն, գործարաններ, հաստատութիւններ իրենց բանուորներու եւ պաշտօնէութեան կարեւոր մէկ մասէն պիտի ջանան ձերբազատիլ, որովհետեւ անոնց աշխատանքը պիտի կատարէ համակարգիչը, արհեստական բանականութիւնը կամ այլ գործիքներ։ Այլ խօսքով աշխատանքի շուկան ու աշխատավայրի մշակոյթը պիտի փոխուին։
Ըստ ուսումնասիրութիւններու, մինչեւ 2030, համաշխարհային արդիւնաբերական եւ այլ ընկերութիւններ իրենց աշխատուժի 41%-ը պիտի փոխարինեն արհեստական բանականութեամբ։ Կը նախատեսուի աշխարհի վրայ 92.000.000 աշխատատեղերու անհետացումը՝ ստեղծագործական ոլորտի զարգացման արդիւնքով։ Փոխարէնը, սակայն, պիտի յառաջանան 72.000.000 նոր աշխատատեղեր։
Հետեւաբար ինչպէ՞ս պիտի պատրաստէք դուք ձեզ յառաջիկայ հսկայածաւալ նորութիւններուն ընդառաջ։
Աշխատանքի դիմող մարդիկ պէտք է իրենց հմտութիւնները բարելաւեն, որպէսզի յարմարին զարգացող աշխարհին եւ ներկայ ժամանակի չափանիշներով մրցունակ դառնան։
Հիմնական միտքը այն է որ արհեստագիտութիւնը յառաջիկայ հինգ տարիներուն սրընթաց զարգացում պիտի ապրի, հետեւաբար պէտք է հետեւիք նոր պահանջներուն ու լրջօրէն բարելաւէք ձեր հմտութիւնները՝ քայլ պահելու այս բարեփոխումներուն հետ։
***
ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
—————————

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼ

Դաստիարակութիւնը որոշ համակարգ մըն է, որուն նպատակն է կազմակերպել երեխային ձեւաւորումը՝ զինք ընկերային, ստեղծագործական թէ մշակութային կեանքին նախապատրաստելու համար:
Դաստիարակութիւնը կ’իրականացուի ընտանիքի եւ դպրոցի միատեղ գործունէութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ նախադպրոցական եւ արտադպրոցական հաստատութիւններուն, մանկական, երիտասարդական, հասարակական կազմակերպութիւններուն միջոցով:
Ներկայ պայմաններուն մէջ  դժուար է երեխաներու դաստիարակութիւնը, բայց խորքին մէջ ձեր զաւակները դաստիարակելով՝  կարելիութիւն կ’ունենաք անոնց աշխարհը փոխելու:
Մենք բոլորս տարբեր ենք, ի վերջոյ մեր երեխաներն ալ տարբեր են, բայց կան հիմնական սկզբունքներ, որոնց պէտք է միշտ հետեւիլ, հակառակ պարագային, երբ կը թերանանք մեր զաւակներու դաստիարակութեան մէջ, հետագային չենք կրնար ազնիւ ու քաղաքակիրթ սերունդ ունենալ:
Դաստիարակելու հիմնական կանոններ.
-Ծնողքը ներողութիւն պէտք է խնդրէ իր զաւկէն, եթէ սխալի:
-Ծնողքը երբեք ինքզինք աւելի խելացի պիտի չհամարէ ու չթերագնահատէ իր զաւակը՝ տարիքով աւելի փոքր ըլլալուն համար:
-Պիտի չմոռնայ շնորհակալութիւն յայտնել իր զաւկին, երբ ան լաւ արարք մը կատարէ շրջապատին համար:
– Դաստիարակը եւ ծնողքը պէտք է խոստովանին իրենց սխալները անկեղծօրէն:
-Դաստիարակը պէտք է վարք ու բարքի օրէնքներ սահմանէ ու գործադրել տայ: Ան օրինակ պէտք է դառնայ նաեւ երեխային իր վարք ու բարքով:
Ծնողքին դերը շատ մեծ է։ Ան իր փոքրիկին պիտի սորվեցնէ՝ համբերութիւն, բարութիւն եւ սէր:
Մանկութիւնը շատ արագ կ’անցնի, կարեւորը այն է, որ մեր զաւակները ազատ, անկախ եւ շիտակ թռչելու թեւերով օժտուին:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան