ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ Ասիոյ զտման մրցումներու ծիրին մէջ, 61 – 86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իմարաթը: Մրցումներու չորս փուլերը աւարտեցան ի նպաստ Սուրիոյ կազմին՝ 21-15/ 19 –  21/ 12 -17 / 15- 27 արդիւնքներով:
-Սուրիոյ Մարզական Ընդհանուր Դաշնութիւնը սկսաւ վերակազմել Սուրիոյ ակումբներու բոլոր վարչակազմերը, որոնց համար հրապարակեց յատուկ շրջաբերականներ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼ ՆՈՒԱՃԵՑ
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւթեան դարձաւ աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան առաջին փուլի ոսկի մետալակիր: Գերմանիոյ Կոտփուս քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան օղակներու վարժութեան եզրափակիչ մրցումին, Վահագն Դաւթեան, հաւաքելով 14.133 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը: Այս վարժութեան Հայաստանի հաւաքականի միւս ներկայացուցիչը` Արթուր Աւետիսեան, գրաւեց 4-րդ դիրքը: Նախապէս նժոյգ-թափերու վարժութեան հանդէս եկան Համլէթ Մանուկեան եւ Մամիկոն Խաչատրեան, սակայն չկրցան մրցանակային դիրքեր գրաւել: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Մարմնամարզութեան Դաշնութիւնը յայտարարեց, որ հայ մարզիկները մաս պիտի չկազմեն երկրորդ փուլի մրցումներուն, որովհետեւ անոնք տեղի պիտի ունենան Ատրպէյճանի մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ՎԻՃԱԿԱՀԱՆՈՒՄԸ
Ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ ֆութպոլի եւրոպական Չեմփիընզ Լիկի 1/8 եզրափակիչի վիճակահանութիւնը: Սոյն փուլին, 15 ախոյեաններու արժանի արքայական ակումբ Ռէալ Մատրիտի մրցակիցը պիտի դառնայ դրացի Աթլեթիքոն, իսկ քաթալոնէական Պարսելոնան մրցակից պիտի ունենայ Փորթուկալի Պենֆիքան: Մնացեալ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան, հետեւեալ պատկերով՝ Փարիզ Սան Ժերման – Լիվըրփուլ, Ինթըր Միլան – Ֆէյնուրտ, Պորիսիա Տորթմոնտ – Լիլ, Պրակ – Ասթօն Վիլլա, Էնտհովըն – Արսենալ, Պայերն Միւնէխ – Պայէր Լիվըրքուզըն:
Առաջին հանդիպումները տեղի կ՛ունենան 4 Մարտին, իսկ դարձի հանդիպումները՝ 11 Մարտին։
Պատարաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան