Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ջարդերու 37-րդ տարելիցին առիթով:
Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 1988 թ. այս օրերուն՝ 27-29 Փետրուարին , իրականացուեցաւ ոճրագործութիւններու շարք, որ նախանշեց այդ պետութեան տարածքին մէջ պետական անթաքոյց հովանավորութեամբ եւ ուղղորդումով հայերու դէմ լայնածաւալ ջարդերու սկիզբը՝ տասնամեակներ շարունակուող ճնշումներն ու հետապնդումները վերածելով բացայայտ եւ զանգուածային բռնութեան։
Սումակայիթի մէջ հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու զանգուածային սպանութիւնները եւ խոշտանգումները շարունակուեցան Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ՝ նոյն օրինաչափութիւններով եւ զարհուրելի դաժանութեամբ։ Այդ իրադարձութիւններուն հետեւանքով հարիւրաւոր հայեր սպանուեցան, շուրջ կէս միլիոն հայ ենթարկուեցաւ բռնի տեղահանութեան: Բռնութեան քաղաքականութեան շրջափուլերը շարունակուեցան ընդհուպ մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր, երբ ամբողջութեամբ ցեղային զտման ենթարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը:
Վերյիշելով այս իրադարձութիւնները՝ մենք ամէն տարի յարգանքի տուրք կը մատուցենք անոնց անմեղ զոհերուն յիշատակին: Միաժամանակ կը հաւատանք, որ այս իրադարձութիւնները միայն ոգեկոչման ամսաթիւեր չեն, այլ պահեր` արժեւորելու թշնամանքի յաղթահարման անհրաժեշտութիւնը՝ ապագային անոր դրսեւորումներու կրկնութիւնը բացառելու նպատակով»: