Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներուն, Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2025-ին, միջօրէին ժամը 12:00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պապարագին, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ Քեսապի հոգեւոր պետերու, ազգային եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու եւ ազգասէր քեսապահայերու:

Բացման խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Բէնդէզեան-Լնդեան, անդրադառնալով Սրբոց Վարդանանց ճակատամարտի պատմական իրողութիւններուն եւ անոր խորհուրդին: Իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Իւրաքանչիւր ոգեկոչում պարզապէս յիշատակելու եւ յաւուր պատշաճի յայտագիր ներկայացնելու առիթ չէ, այլ՝ ներշնչման , զգաստութեան ու գօտեպնդման, որ ապրինք մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն տէ’ր կանգնելով: Արդ՝
Հաստատ մնանք մեր հաւատքին մէջ:
Տէր կանգնինք մեր մշակոյթին:

Բարձր պահենք մեր ազգային ոգին, որ արժանի ըլլանք հայ կոչումին ու մեր նախնեաց փառքին»:
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը տուաւ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Պատուելի Շանթ Ակիշեան։ Ան մէջբերումներ կատարեց Քաջն Վարդանի արտասանած ճառերէն եւ Աւետարանի համարներէն, որոնցմէ հայ քրիստոնեայ անհատը պիտի քաղէ դաստիարակիչ դասեր եւ անոնց հիմամբ ապրի իր կեանքը: Ան անդրադառնալով հաւատքի հզօրութեան ու ամրապնդման, լուսարձակի տակ առաւ պարծենալով հաւատալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր ամէնօրեայ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները այս անորոշ ու անցումային օրերուն մէջ:

Օրուան հանդիսավարը հերթաբար հրաւիրեց գեղարուեստական բաժինի ներկայացման մասնակցողները։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէր՝

Վարդանանցի նուիրուած Վարդան Մամիկոնեանի ճառէն բաժիններու ներկայացում՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աշակերտներուն կողմէ:

Ասմունք՝ «Վարդանանց տօն» եւ երգ՝ «Վարդան Կռուեցաւ», կատարողութեամբ՝ Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանի աշակերտներուն:

Ասմունք՝ «Խորհուրդ Վարդանանցի» Վահան Թէքէեանէն, ասմունքեցին պատանիներ՝ Կարօտ Արծիւ Սարգօ եւ Մեղրի Մալաթչալեան:

Կենդանի պատկեր Վարդանանց յիշատակին, ներկայացուցին՝ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ վարժարանի երկրորդականի աշակերտները:

Վարդանանցի նուիրուած փունջ մը ազգային եւ հոգեւոր երգեր ներկայացուց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Անդրանիկ Քէօշքէրեանի: Յաջորդաբար հնչեցին «Շարական Սրբոց Վարդանանց» , «Երգ Մեռնող Հայրենասէրի», «Տէր, Կեցո Դու Զհայս», «Դարձէք Եկէք»:

Վարդանանց տօնակատարութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան:
Հուսկ, բոլոր ներկաները երգչախումբին հետ երգեցին «Տէրունական» աղօթքը, ապա հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով աւանդական ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իր աւարտին հասաւ:

Մարինա Բէնդէզեան