Կարմիր խաչի երեւանեան գրասենեակին մօտ 3 Մարտին տեղի ունեցած է ցոյց, որուն նպատակն էր պահանջ ներկայացնել Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան (այսուհետեւ՝ ԿԽՄԿ) անյապաղօրէն այցելելու Պաքուի բանտին մէջ ապօրինաբար պահուող, վերջին 14 օրը հացադուլի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանին, որուն կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
«Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութենէն յայտնած են, որ ցոյցին մասնակիցները բաց նամակ փոխանցած են ԿԽՄԿ Նախագահ Միրիանա Սպոյլարիչ Էգերին:

37 կազմակերպութիւններու կողմէն հասցէագրուած նամակը անբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Կը դիմենք Ձեզի խոր մտահոգութեամբ՝ առնչուած Պաքուի բանտին մէջ պահուող եւ աւելի քան երկու շաբաթ հացադուլի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանի առողջական վիճակին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական շարժառիթներով ապօրինի կերպով դատուող այլ հայ գերիներու իրավիճակին հետ։

Ըստ ատրպէյճանական մամուլին մէջ տարածուած տեղեկատուութեան՝ 25 Փետրուարին դատական նիստի ժամանակ Ռուբէն Վարդանեանի առողջական վիճակը վատթարացած է։ Սակայն, հակառակ անոր, դատական նիստը շարունակուած է։ Աւելին, լայնօրէն տարածուած լուսանկարներուն մէջ անոր դէմքին տեսանելի են վնասուածքներ եւ բացայայտ խոշտանգումներու հետքեր։ Նկատի առնելով, որ ան քաղաքական շարժառիթներով ապօրինի կերպով կը դատուի եւ արդէն երկար ժամանակ կը գտնուի հացադուլի մէջ, անոր վիճակը կրնայ արագօրէն վատթարանալ՝ յանգեցնելով անդառնալի հետեւանքներուն։ Նոյնքան մտահոգիչ է Ատրպէյճանի մէջ պահուող այլ հայ գերիներուն վիճակը, որոնք նոյնպէս քաղաքական շարժառիթներով կը դատուին եւ կ’ենթարկուին անարդար վերաբերմունքի ու ցեղային յատկանիշով պայմանաւորուած հետապնդումի։
Աւելին, Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներուն նկատմամբ խոշտանգումներու փաստագրուած դէպքերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպայի խորհուրդի հակախոշտանգումային կոմիտէներու զեկոյցները եւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի որոշումները ցոյց կու տան Ատրպէյճանի մէջ խոշտանգումներու համակարգային վարչակարգի առկայութիւնը։ Այդ փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ խոշտանգումները յատկապէս դաժան են ցեղային հայերուն նկատմամբ՝ հակահայկական ատելութեան գաղափարախօսութեան պատճառով։ Ուստի, մենք ունինք հիմնաւոր հիմքեր կասկածելու, որ առկայ են խոշտանգումներու դէպքեր Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ բանտարկեալներուն նկատմամբ։

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն (ԿԽՄԿ), որպէս անկախ մարդասիրական կազմակերպութիւն, պարտաւոր է գործել՝ համաձայն իր մանդատի եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն։ Ուստի, կոչ կ’ուղղենք Ձեզի՝

Անյապաղօրէն այցելել Ռուբէն Վարդանյանին՝ անկախ բժշկական գնահատում իրականացնելու նպատակով։

Ապահովել անոր առողջական վիճակի անկողմնակալ մշտադիտարկումը եւ երաշխաւորել, որ ան ստանայ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն։ Անշուշտ, նոյն մօտեցումը պէտք է կիրառելի ըլլայ նաեւ միւս հայ բանտարկեալներուն նկատմամբ։

Հասցէագրել Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլի պատճառները եւ միջնորդել՝ ապահովելու անոր հիմնարար իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։ Այս առումով յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել անոր դէմքին ակնյայտ վնասուածքներու պատճառներուն բացահայտումին, որոնց համար ատրպէյճանական կողմը կը կրէ յատուկ պատասխանատուութիւն։

Ներկայացնել անկողմնակալ զեկոյց Ռուբէն Վարդանեանի եւ այլ հայ գերիներու կալանքի պայմաններուն եւ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին մասին՝ համաձայն միջազգային չափանիշներուն։

Անյապաղօրէն միջոցներ ձեռնարկել հացադուլի դադրելուն ուղղութեամբ՝ միաժամանակ հասցէագրելով անոր հիմքը ինկած մտահոգութիւնները, որոնք յանգեցուցած են այս ծայրահեղ քայլին։ Կարեւոր է, որ ԿԽՄԿ-ի յաջորդ այցելութիւնը չըլլայ ուշացած։

Կանոնաւոր այցելութիւններ իրականացնել բոլոր հայ գերիներուն, որոնք կը պահուին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ՝ ապահովելու անոնց նկատմամբ արդար վերաբերմունքը։

Գործել որպէս անկախ միջնորդ հայ գերիներուն եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ՝ ապահովելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահպանումը եւ պաշտպանելու անոնց անյապաղ ազատ արձակումը։
ԿԽՄԿ-ը ունի բացառիկ իրաւասութիւն եւ մանդատ բանտարկեալներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Հետեւաբար, Ձեր միջամտութիւնը այս իրավիճակին մէջ ոչ միայն արդար է, այլեւ անհրաժեշտ։ Ձեր դերը յատկապէս կարեւոր է քաղաքական շարժառիթներով դատուող բանտարկեալներուն նկատմամբ վերաբերմունքի մշտադիտարկման եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու կանխարգիլման գործին մէջ, որ Ժնեւի համաձայնութեան հիմնարար սկզբունքն է։
Հաւատացած ենք, որ այս հարցը պիտի դիտարկուի որպէս հրատապ հարց, եւ անյապաղ գործողութիւններ պիտի ձեռնարկուին՝ կանխելու հնարաւոր ողբերգական հետեւանքները։
Կ’ակնկալենք Ձեր արագ արձագանգը»: