ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարը պահանջեց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակել, հաղորդեց Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը:
3 Մարտին, Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին, ՄԱԿէի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք առանձնացուց Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր անձերուն, որոնց կարգին ազգութեամբ հայերուն հարցերը` դիտել տալով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ պէտք է ամբողջութեամբ պահպանուին արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքը։
Թիւրք նաեւ ընդգծեց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ան յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ անոնք կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերել: