Եւրոպական Միութիւնը կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանին եւս 10 միլիոն եւրոյի ոչ յարձակողական օժանդակութեան տրամադրումը Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամէն, որուն նպատակն է աջակցիլ դաշնակիցներու պաշտպանութեան:

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Պրիւքսէլի իր աղբիւրներուն:

Կ՚արձանագրուի, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս այդ մասին առաջարկը ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, որ պէտք է զայն քննարկէ յառաջիկայ շաբաթներուն: Քննարկման օրը, սակայն, տակաւին յստակ չէ:

Առաջարկը պիտի վաւերացուի, եթէ միութեան անդամ բոլոր 27 երկիրները հաւանութիւն տան անոր։
Անցեալ տարի, զորօրինակ, Հունգարիան խափանած էր այս օգնութեան տրամադրումը` պահանջելով, որ ծրագիրին մէջ ներառուի նաեւ Ատրպէյճանը։ Շաբաթներ շարունակուած դռնփակ բանակցութիւններէ ետք, եւրոպացի դիւանագէտները այդ օրերուն յաջողած էին յաղթահարել Պուտափեշթի դիմակայութիւնը:

Թէ ի՛նչ դիրքորոշում ունին այս հարցին վերաբերեալ Պուտափեշթն ու միւս անդամ երկիրները առայժմ, յստակ չէ:

Հայաստան անցեալ տարի առաջին անգամ ըլլալով 10 միլիոն եւրո ստացաւ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն: «Նպատակն է նպաստել, որ Հայաստանի զինուած ուժերը բարձրացնեն իրենց դիմադրողականութիւնն ու կայունութեան հաստատման կարողութիւնները եւ ատով իսկ աւելի լաւ պաշտպանեն խաղաղ բնակչութիւնը ճգնաժամերու եւ արտակարգ պատահարներու ընթացքին», արձանագրուած էր դիւանագիտական փաստաթուղթերուն մէջ: