Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց
Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.
Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Սրբոց
Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ
Մեծ Պահեցողութեան Արեւագալի
առաջին ժամերգութիւնը կատարուեցաւ
Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2025-ին,
առաւօտեան ժամը 9։00-ին,
մասնակցութեամբ՝ Ճեզիրէի
Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ.
Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Մանուկ
Վրդ. Պարիխանեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ.
Գալաճեանի, արժանապատիւ քահանայ
հայրերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արեւագալի ժամերգութեան հոգեպարար
երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ»
երգչախումբը: Մեծ Պահեցողութեան
հոգեթով աղօթքներով եւ շարականներով
հաւատացեալները հոգեպէս
ներշնչուեցան:
«Հրաժարիմք»-ի արտասանութեամբ,
ապա խոստովանանքի եւ զղջումի
արարողութեամբ հաւատացեալները
հրաժարեցան սատանային
պատրանքներէն եւ դէպի լոյս դառնալով
իրենց հնազանդութիւնը յայտնեցին
Ամենակալին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզին
ընդմէջէն գօտեպնդեց
հաւատացեալները, յայտնելով, որ
քառասնօրեայ պահեցողութիւնը մեր
սրբազան հայրերուն կողմէ
կարգաւորուած գեղեցիկ առիթն է,
որպէսզի հաւատացեալները իրենց
հայեացքը ուղղեն արտաքինէն դէպի
իրենց ներքին աշխարհը, ուր տեսնելով
իրենց մեղքերն ու թերութիւնները՝
աղօթքով, ծոմապահութեամբ, արցունք
թափելով, զղջումով եւ
ապաշխարութեամբ պոկեն ու սրբագրեն
իրենց թերի կողմերը եւ աստուածային
օրհնութեամբ լեցուին։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ քառասնօրեայ
պահեցողութիւնը ինքնաքննութեան եւ
ինքնասրբագրումի այն գեղեցիկ պահն է,
որուն ընթացքին մեր մարմինը
տկարացնելով հոգին կը զօրացնենք եւ
Հօր Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան
մէջ կը մտնենք՝ հասնելով եւ օգնելով
անկեալին, հիւանդին եւ կարիքաւորին։
Սրբազան Հայրը Եսայի մարգարէութենէն
հատուած մը ընթերցելով, աղօթեց, որ
Աստուած մեզ լուսաւորէ, աստուածային
շնորհքով եւ իմաստութեամբ լեցնէ,
որպէսզի պահեցողութեան
քառասնօրեայ շրջանը՝ հոգեկրթութեան,
դաստիարակութեան, ինքնասրբագրումի
եւ վերականգնումի ժամանակաշրջան
հանդիսանայ եւ Ս. Հոգիին շօշափելի
առաջնորդութեամբ Աստուծոյ հետ
հաղորդակցութեան մէջ մտնենք եւ լսենք
Տիրոջ ձայնը, որպէսզի մեր կեանքը
փոխուի։
Աւարտին, Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ
կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։