Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական ցարդ անկայուն պայմանները բնականաբար ազդեցին ազգային, մշակութային եւ ընկերային հանդիսութիւններու աշխոյժ ընթացքին վրայ։
Երեկոյեան ուշ ժամերու դուրս մնալը վտանգաւոր դարձաւ, որովհետեւ քաղաքի ապահովական համակարգը ցարդ չէ ամրագրուած, համապատասխան գրասենեակները ցարդ իրենց բնականոն գործունէութեան չեն անցած, տակաւին ոստիկանութեան ներկայութիւնը եւս երեւելի չէ դարձած։
Այս պայմանները պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ խուսափին ուշ ժամերու իրենց բնակարաններէն դուրս ելլելէ՝ զգուշութեան նկատառումներով։
Այս իսկ պատճառով երեկոյեան կազմակերպուող սուրիահայ աշխոյժ կեանքի ձեռնարկները, տօնակատարութիւնները, երգչախումբերը, նոյնիսկ անոնց նախապատրաստական աշխատանքները յետաձգուեցան։
Ապահովական այս վիճակը, սակայն, կրնայ երկարիլ՝ մինչեւ նոր կառավարութեան ընտրութիւնն ու քաղաքներու մէջ անվտանգային մարմիններու եւ գրասենեակներու բանեցումը, մանաւանդ այս ոլորտին մէջ որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած ուժերու աշխատանքի անցնիլն ու կարգ ու կանոնի հաստատումը։
Այս բոլորին լոյսին տակ, թէեւ միութենական գործունէութիւններն ու մշակութային հաստատութիւններու աշխատանքը կը շարունակուին նոյն եռանդով, այդուհանդերձ կարեւոր է այդ աշխատանքին զուգընթաց վերսկսիլ նաեւ ձեռնարկներու կազմակերպումը, անոնց նախապատրաստական աշխատանքները ցերեկուան վերապահելով՝ նախքան մութը կոխելը։
Ազգային ու մշակութային ձեռնարկները կը շարունակեն մնալ յարացոյցը սուրիահայ մեր կեանքին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք անոնց մէջ ներգրաւուած երիտասարդ տարրը ու անոր կենսունակութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը երկրի տարաբնոյթ պայմաններուն մէջ։
Դժուարութիւններ կան հարկաւ, սակայն անոնց յաղթահարման փորձառութեամբ օժտուած է սուրիահայ մեր համայնքը, որ պատերազմի ամէնէն բուռն օրերուն անգամ պահած է իր կենսունակութիւնը, յոյս ու եռանդ ներշնչած ժողովուրդին՝ մինչեւ խաղաղութեան հաստատումը։
Այսօր եւս, կարեւոր կը նկատենք նոր պայմաններուն յարմարելով շարունակել ձեռնարկներու աշխոյժ թափը, պարտն ու պատշաճը տնօրինելով մէկտեղ պատնէշի վրայ պահելու մեր միութիւնները՝ իրենց մշակութային, ազգային եւ հասարակական տարատեսակ ձեռնարկներով։