Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին
(Բ.)
Հայերու Յարաբերութիւնները Սուրիոյ Հետ՝ Սելեւկեաններու Օրօք
Մեծ աշխարհակալին՝ Մեծն Ալեքսանտրի մահուընէ վերջ (Ք.ա. 337-323թթ.), Սուրիա ընդգրկուած էր Սելեւկեան տէրութեան մէջ (Ք.ա. 312-63թթ.), որ հիմնադրուած էր Սելեւկիոս (Սելեւկոս) Ա. Նիկատորի (Ք.ա. 354-280 թթ.) կողմէ։ Սելեւկեան հելլենիստական (կամ հելլենական) պետութեան (Ք.ա. 312-65 թթ.) մաս կազմած էին Փոքր Ասիոյ մեծագոյն մասը, Փիւնիկէն, Միջագետքը, Պարսկաստանն ու Միջին Ասիայէն մինչեւ Հնդկաստան բոլոր երկիրները, ուր Սուրիա այդ հսկայ տէրութեան կորիզը հանդիսացած էր։
Ըստ կարգ մը պատմագիրներու, Սելեւկիոս Ա. Նիկատոր, Ք.ա. շուրջ 300 թուականին իր հօրը անունով (Անտիոքոս) հիմնադրած էր Սուրիոյ Անտիոք աթոռանիստ քաղաքը Որոնդէս գետի ափին, ըստ ուրիշներու Մեծն Ալեքսանտրի կողմէ հիմնուած «Անտիոքա Գալլիրէհո» կոչուած բնակավայրը, Սելեւկիոս Ա.-ի կողմէ վերաշինուած եւ վերանուանուած էր «Անտիոք»։ Սելեւկեանները նաեւ կարգ մը սուրիական հին քաղաքներ վերակազմակերպած էին քաղաքական, զինուորական, տնտեսական նկատառումներով եւ զանոնք վերածած էին հելլենիստական քաղաքներու, ինչպէս Լաւոդիկէ (ներկայիս՝ Լաթաքիա) եւ Սելեւկիա (ներկայիս՝ Սուէտիա) նաւահանգիստները, վերջինս տեղադրուած էր Որոնդէս գետի գետաբերանը, իսկ Անտիոքի հարաւը ինկած էր Աֆամիան՝ տէրութեան ռազմական կեդրոնը։

Ըստ պատմական այլ տուեալներու, Սելեւկիոս Ա. Նիկատոր յունական սովորութեան համաձայն, Սուրիոյ մէջ զօրակայաններ հաստատած էր իր զօրքերուն ծառայելու եւ անոնց տարբեր կարիքները ապահովելու համար (զինամթերք, ուտելիք եւայլն)։ Շուտով զօրակայանները վերածուած էին քաղաքներու, որպէսզի յոյն զինուորները կարենային Սուրիա հաստատուիլ իրենց ընտանիքներով հանդերձ։
Հետեւաբար, կը կարծուի, թէ Սելեւկիա հիմնուած էր Սելեւկիոսի անունով, Անտիոք քաղաքը ի պատիւ իր հօրը՝ Անտիոքոսի, Լաւոդիկէն ի պատիւ մօրը՝ Լաւոդիկէի, նախկին քանանական Ռամէդայի տեղավայրը, Աֆամիան ի պատիւ իր պարսիկ կնոջը՝ Ապամէային։ Դրամագիտական տուեալները կը հաստատեն, թէ Անտիոք, Սելեւկիա, Աֆամիա, Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) կազմած էին «չորս քոյրերու» միութիւնը եւ օգտագործած էին միատեսակ դրամներ։
Լաւոդիկէի (Լաթաքիոյ) պարագային, Ք.ա. Բ. դարուն հատուած էին յատուկ դրամներ, որոնք կը կրէին «ծովեզերքի Լաւոդիկէ» արձանագրութիւնը, ի տարբերութիւն միւս ութը նոյնանուն քաղաքներուն, որոնք ընդհանրապէս ծովեզերեայ չէին։
Յունամակեդոնական քաղաքները, բնակավայրերն ու ռազմական համայնքները, որոնց հիմնադրութիւնը վերագրուած է Սելեւկեան տէրութեան հիմնադիրին եւ անոր առաջին յաջորդներուն, առաւելաբար ձգուած էին Միջերկրական ծովու փոքրասիական ափերուն, նաեւ ցրուած էին հիւսիսային Սուրիոյ եւ Եփրատ գետի միջին հոսանքին վրայ։ Առաջին Սելեւկեաններու խտացեալ քաղաքաշինութիւնը այն միջոցառումներէն հանդիսացած էր, որ պիտի դիւրացնէր լայնածաւալ ու խայտաբղէտ տէրութեան համամիացման քաղաքականութիւնը։ Աւելի՛ն, քաղաքները նաեւ կարեւոր էին որպէս ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային յենարաններ։
Պատմական Սուրիոյ վերոյիշեալ տարածաշրջանը կոչուած էր «Սելեւկես», որուն շրջածիրին մէջ շեշտուած էր հելլենիզմը՝ յոյն-մակեդոնացի բնակչութեան, յունարէն լեզուին ու մշակոյթին բացարձակ տիրապետութեամբ։ Այլ խօսքով Սուրիա իր կարգին դարձած էր հելլենիստական քաղաքակրթութեան կեդրոն, նոյնիսկ Լաւոդիկէի (ներկայիս՝ Լաթաքիա), Արուատի, Տիւրոսի (ներկայիս՝ Սուր), Սիդոնի (ներկայիս՝ Սայտա) մէջ հատուած դրամները կրած էին յունարէն գրութիւններ՝ փիւնիկեան գրութիւններուն կողքին։ Համանման երեւոյթ մը նկատուած էր նաեւ հին Հայաստանի մէջ։
Բացի այդ, Սելեւկեանները ձգտած էին իրենց տէրութեան քաղաքական թէ առեւտրական կեդրոններն ու տարբեր շրջանները իրարու կապել ապահով ճանապարհներու ցանցով մը։ Սոյն միջոցառումը սատարած էր հելլենիստական մշակոյթի տարածման, որ կայսրութեան բաժանման օրերուն դարձած էր միութեան կարեւոր գործօն մը։ Ներքին թէ արտաքին առեւտուրը հիմնական կարեւորութիւն դրսեւորած էր պետութեան եւ բնակչութեան համար հաւասարապէս, դէպի Սուրիա ներգրաւելով Արաբական թերակղզիի, Հնդկաստանի եւ Միջին Ասիոյ ապրանքները, զուգահեռաբար քաջալերելով տարանցիկ առեւտուրն ու զարգացնելով առեւտրական կապերը Արեւմուտքի հետ, յատկապէս յունա-հռոմէական աշխարհին հետ։ Սելեւկիոս Ա. Նիկատոր վերահիմնած էր նաեւ Նիսիպիսը՝ պատմական Մծբին կամ Նուսէյպին քաղաքը, ուր կեդրոնացած էին Սուրիոյ առեւտրական գլխաւոր ճանապարհները։
Հետեւաբար, Սելեւկեաններու հելլենիստական շրջանին Սուրիոյ եւ Միջագետքի մէջ զարգացած քաղաքները առեւտրական յարաբերութիւններ ունեցած էին նաեւ Հայաստանի հետ, մասնաւորաբար Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն՝ Փոքր Հայքի ու Ծոփքի քաղաքներուն հետ։ Հնդկաստանէն արտահանուած ապրանքները Սեւ ծովու տարածքը փոխադրուած էին Կասպից ծով – Կուր գետ – Ճորոխ գետ գետային ճանապարհով, որուն մէկ ճիւղը Դիլիջանի կիրճով իջած էր Արարատեան դաշտ, հանգուցուելով՝ Միջերկրականի ափերէն, Անտիոքէն եւ Սելեւկիայէն եկած ուղեգիծին հետ։
Զուգահեռաբար, Եգիպտոսէն, Բեդրայէն կամ պաղեստինեան ծովեզերքէն եկած կարաւանները՝ ծովափնեայ ճանապարհով հասած էին մինչեւ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա), յետոյ անցած էին Սելեւկիա եւ Անտիոք, իսկ Տիւրոսի ձախակողմէն թեքուած էին դէպի Դամասկոս, հետեւելով գլխաւոր հին ճանապարհին։ Ապա, Արուատէն դուրս եկած կարաւանները հետեւած էին ծովեզերեայ ճանապարհին եւ կամ թեքուած էին արեւելք՝ դէպի Էմէսա (Հոմս) ու Ապաֆամիա (Համա), սակայն բոլոր կարաւանները համախմբուած էին Որոնդէս գետի վրայ -Անտիոքի կամ Սելեւկիոյ մէջ -, որ այդ օրերուն նաւարկելի եղած էր։
Նշելի է, թէ այդ օրերուն Անտիոք հոյակապ քաղաքը, որ անվերապահօրէն նկատուած էր Արեւելքի քաղաքներու «թագուհի»-ն, թէեւ ճարտարարուեստական կեդրոն մը չէր, սակայն Եփրատ գետէն եւ Փոքր Ասիոյ խորերէն կարեւոր ճանապարհներ հասած էին այդտեղ, եւ անոր Սելեւկիա նաւահանգիստը ապրանքներու ներածումի եւ արտածումի կարեւոր կեդրոն մը հանդիսացած էր, յատկապէս արեւելեան վաճառականութեան համար, դառնալով հին Բաբելոնի ժառանգորդը եւ նոր Պաղտատի նախադրեալը միջին դարերուն։
Ահաւասիկ, երբ Սելեւկիա դարձած էր իր ժամանակի միջազգային առեւտուրի կարեւոր հանգուցակէտերէն մէկը, Հայաստանի մէջ Արմաւիր մայրաքաղաքի նշանակութիւնը իբրեւ տարանցիկ առեւտուրի կեդրոն՝ մեծապէս բարձրացած էր։
Հարկ է անդրադառնալ նաեւ, թէ Սելեւկեանները իրենց փառքի օրերուն անմրցակից կերպով տիրած էին նշանաւոր Մետաքսի ուղիին, որ անցնելով իրանեան բարձրաւանդակէն եւ Միջին Ասիայէն՝ հասած էր մինչեւ Մոնկոլիա։ Ծայրագոյն Արեւելքի, Հնդկաստանի, Արաբական թերակղզիի ապրանքները նախ Միջագետք եւ յետոյ Արեւմուտք՝ այսինքն Սուրիա հասած էին, անցնելով Մծբինէն (Նուսէյպինէն), Ուռհայէն (Եդեսիայէն) եւ Տորա-Օրոբուսէն (Եւրոբոսէն)։ Վերջինս հիմնուած էր Ք.ա. 300 թուականին, այդ օրերուն ծաղկուն բնակավայր մը ներկայացուցած էր եւ պաշտպանած էր առեւտրական գլխաւոր ճանապարհները բացայայտելով վաճառաշահ կեդրոն մը ըլլալու իր նշանակութիւնը։
Սելեւկեաններու աշխարհակալութիւնը Ք.ա. Բ. դարուն երբ քայքայուած էր, ճգնաժամ ապրող Սելեւկեան թագաւորները ամփոփուած էին Սուրիոյ սահմաններուն մէջ, եւ Ք.ա. Բ.-Ա. դարերուն հելլենիստական Սուրիոյ համար խիստ ուշագրաւ եղած էր այն հանգամանքը, թէ Սելեւկեաններու իշխած տարածութեան կրճատումով եւ Սուրիոյ տարածքին մէջ տէրութեան սահմանափակումով, Սելեւկեաններու պետութիւնը սկսած էր կոչուիլ «Սուրիոյ թագաւորութիւն»։
Հայաստան-Պատմական Սուրիա յարաբերութիւններու գծով մեծ կարեւորութիւն ներկայացուցած էր Ուռհա (Եդեսիա) քաղաքը, որուն աշխարհագրական դիրքը նկատի առնելով շատ հաւանաբար հիմնադրուած էր Սելեւկեաններէն առաջ։
Ուռհա քաղաքը տեղադրուած էր Արեւելքի առեւտրական հին ճանապարհներու խաչմերուկին վրայ, երբ այդ ճանապարհներէն մէկը՝ Հայաստանէն իջած էր դէպի Ամիդ (Ամիդիա, կամ Տիար Պէքիր), ապա լեռներուն մէջէն ձգուելով մտած էր շրջանի դաշտավայրը, շարունակուած էր դէպի հարաւ՝ Խառան (Հարրան) քաղաքը եւ Եփրատ գետի հոսանքով ուղղուած էր դէպի Սուրիոյ արեւելեան ու արեւմտեան մեծ քաղաքները։ Զուգահեռաբար, Ուռհայի մէջ իրարու հանդիպած էին հիւսիս-հարաւային եւ արեւելք-արեւմտեան ճանապարհները, վերջինս կը հասնէր մինչեւ Մծբին (Նուսէյպին), ապա կը ձգուէր դէպի Պարսկաստան, Հնդկաստան, Չինաստան, եւ Սելեւկեաններու շրջանին է, որ -նոյնիսկ հաւանաբար ալ նախապէս-, այս ճանապարհով կարաւանները Հնդկաստանէն՝ համեմներ, թանկագին քարեր ու շղարշ կերպաս, Չինաստանէն մետաքսը կը փոխադրէին դէպի Փոքր Ասիոյ եւ Միջերկրական ծովու բարգաւաճ երկիրները։
Այստեղ անհրաժեշտ է նկատի առնել, թէ հելլենիստական շրջանին Սուրիա վերածուած էր նաեւ երկրագործական կարեւոր երկրի մը։ Արդարեւ, մեծ զարգացում արձանագրած էր արմտիքի, խաղողի ու այլ պտուղներու եւ բանջարեղէնի արտադրութիւնը, նախ իրագործուած միջոցառումներուն հետեւանքով եւ յետոյ յաւելեալ պահանջին պատճառով։ Տակաւին ի յայտ եկած էր տեղական ծաղիկներէ պատրաստուած անուշահոտ իւղերու ընդարձակ շուկայ մը եւ դրացի երկիրներուն հետ առկայ առեւտուրին ճամբով, Սուրիա ներմուծուած էին նոր բոյսեր, ինչպէս օրինակ լուբիան, ոսպը եւ դդումը՝ Եգիպտոսէն, պիստակը՝ Պարսկաստանէն եւ այլն։ Սուրիոյ հելլենիստական շրջանի զարգացած ճարտարարուեստին մէջ ուրոյն տեղ գրաւած էին բուրդը, ծիրանի կերպասները, խեցեղէնը, ապակին, մետաղագործութիւնը, յատկապէս ոսկին, արծաթը եւ այլ մետաղներ։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան