Ի՞ՆՉ Է ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ

Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Զատիկ կը կոչուի Մեծ Պահք:
Մեծ կը կոչուի, որովհետեւ պահքերու մէջ ամէնէն երկարատեւն է՝ 40 օր (առաւել աւագ շաբաթ): Քառասուն օր տեւելուն պատճառով Մեծ Պահքը կը կոչուի նաեւ Քառասնորդական: Ժամանակին կը կոչուէր Աղ ու Հաց, որովհետեւ Մեծ Պահքի որոշ օրերուն աղ ու հաց կ’ուտէին եւ կամ ծոմը կը լուծէին աղ ու հացով:
Պահք կամ պաս կը նշանակէ հրաժարիլ որոշ տեսակի կերակուրներէն, մասնաւորաբար մսեղէնէն, կաթնեղէնէն եւ հաւկիթէն: Անշուշտ Պահք չի նշանակեր միայն ժուժկալութիւն եւ կերակուրներէ հրաժարիլ, այլ նուիրուիլ խոկումի, զղջումի, ինքնաքննութեան եւ ապաշխարհութեան: Պահքի օրերը կրօնական կրթութեան, հոգեւոր դաստիարակութեան, գործուած յանցանքներու, սխալներու ու մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան շրջան մըն է:
***

Մեծ Պահքի Ուտեստներ

ՊԱՀՔԻ ԿՈԼՈԼԱԿ (ՔԷՈՖԹԷ)

Խմորի Բաղադրութիւն
-1 քիլո ճերմակ մանր ձաւար
-1/4 քիլո ալիւր
-3/4 քիլո սիմիտ
Միջուկի Բաղադրութիւն
-1/2 քիլո սիսեռ՝ գիշեր մը առաջ թրջել
-1/2 քիլո սոխ՝ բարակ շերտուած
-1 գաւաթ շիրիկ  (թահին)
-1/2 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
– Քիչ մը կարմիր փոշի պղպեղ
– Քիչ մը ճերմակ փոշի պղպեղ
– Քիչ մը քիմոն
Թացանի (սոս) Բաղադրութիւն
-3 մեծ դգալ կարմիր պղպեղի խիւս
-1 գաւաթ լեմոնի հիւթ
-1/2 գաւաթ ձէթ
6-7 պճեղ սխտոր
Քիչ մը քիմոն
Աղ
Պատրաստութիւն
1.-Ձաւարը, ալիւրն ու սիմիտը իրարու խառնել: Աւելցնել բաւարար ջուր, շաղել մինչեւ որ ստացուի կոլոլակի խմոր:
2.-Մէկ գիշեր առաջ թրջուած սիսեռը խաշել: Կեղեւները հանել եւ ճզմել լաւ մը:
3.-Վրան աւելցնել բարակ շերտուած սոխը, շիրիկը, մանրուած ընկոյզը, պղպեղներու փոշին, քիմոնը եւ աղը: Ճզմելով խառնել:
4.-Խմորին ձուաձեւ կամ կլոր տեսք տալ եւ իւրաքանչիւր կոլոլակը լեցնել միջուկով եւ կամաց-կամաց գոցել:
5.-Կոլոլակները պատրաստ ըլլալէ ետք, կաթսայի մէջ ջուր դնել եւ կոլոլակները խաշել:
6.-Պատրաստել թացանը մեծ ու խորունկ ամանի մէջ: Խաշած կոլոլակները մէջը դնել եւ զանոնք դարձնել, մինչեւ որ բոլորը թացանով ծածկուի: Կարելի է նաեւ առանց թացանի ուտել, ըստ ճաշակի: