ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ՀԱՍԱՒ 1/4 ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ
Անգլիոյ բաժակի մրցումներու շրջագիծին մէջ, երկրի  ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին յաջողեցաւ հասնիլ 1/4 եզրափակիչ փուլին՝ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փլիմութ Արկայլը: 38-րդ վայրկեանին,  Պլիմուտ յաջողեցաւ նշանակել հանդիպումի առաջին կոլը Մաքսիմ Թալովիէրովի միջոցաւ, որմէ ետք ստացաւ երեք կոլ:  Մանչեսթըրեան ակումբի կրկնակի կոլերու հեղինակ դարձաւ անգլիացի կիսապաշտպան Նիքո Օ’Ռայլին։ Կազմի երրորդ կոլը նշանակեց պելճիքացի  կիսապաշտպան Քեւըն Տէ Պրոյնը։ Նախապէս քառորդ եզրափակիչ հասած էին նաեւ Ասթոն Վիլլան, Քրիսթալ Փալասն ու Փրէսթոնը:
ՉԱՒԻ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ՓՐԵՄԻԷՐ ԼԻԿԻ ԱԿՈՒՄԲԷՆ
Կիրակի օր սպանական մամուլը յայտնեց, որ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Չաւի պահանջուած է անգլիական Փրեմիէր Լիկի ակումբէ մը: Ըստ Ռելիկո ձայնասփիւռին, անգլիական ակումբ մը բանակցութիւններ սկսած է վարել սպանացի մարզիչին հետ՝ առանց յիշելու ակումբին անունը: Ըստ աղբիւրին, մարզիչին գործակալը բանակցութիւններ կը վարէ անգլիական այլ ակումբներու հետ, ինչպէս նաեւ իտալական Միլանի եւ Իւվէնթուսի պատասխանատուներուն հետ: Աւելցնենք, որ Չաւիի մարզած վերջին ակումբն էր Պարսելոնան, որմէ հեռացուեցաւ նախորդ տարեշրջանին:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿՐԵՑ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Շաբաթ օր, Սպանիոյ ախոյեանութեան 26-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով կրեց անակնկալ պարտութիւն մը՝ զիջելով Ռէալ Պեթիսին: 10-րդ վայրկեանին, Պրահիմ Տէազ նշանակեց Ռէալի միակ կոլը, որմէ ետք մրցակիցը տիրապետեց խաղարկութեան, իսկ Անչելոթիի խաղացողները անկազմակերպ խաղարկութեամբ չկրցան պահել յաղթանակը եւ ստացան երկու գնդակներ: Հանդիպումէն ետք, մեծ թիւով համակիրներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ քննադատեցին Անչելոթիին  ընտրած խաղացողներու կազմը, ինչպէս նաեւ հանդիպումի ընթացքին կատարած փոփոխութինները, զինք համարելով պարտութեան պատճառը: Մայրաքաղաքի երկրորդ ներկայացուցիչ Աթլեթիքոն շարունակելով իր յաջող արդիւնքները 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքո Պիլպաուը շնորհիւ Ալվարէզի նշանակած կոլին: Քաթալոնէական Պարսելոնան դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրելով պարտութեան մատնեց Ռէալ Սոսետատին 4-0 արդիւնքով: Հանդիպումի 10-րդ վայրկեանին, իրաւարարը կարմիր քարտով դաշտէն հեռացուց Սոսետատէն խաղացող մը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան