17 Յունուարէն ի վեր Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքին մէջ կը շարունակուին կեղծ դատավարութիւններ՝ 16 հայ պատանդներու դէմ, որոնց մէջ են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բարձրաստիճան քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ:

Անոնց դէմ առաջադրուած մեղադրանքները՝ սկսեալ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու ձևաւորում, անհիմն են եւ քաղաքականապէս ուղղորդուած: Այս կեղծ դատավարութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ կը հանդիսանան հաշուարկուած փորձ՝ ջնջելու Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի պատմական եւ քաղաքական ինքնութիւնը:

Շուրջ 17 ամիս այս անձերը ապօրինի պահուած են կալանքի տակ՝ 2023 թ․ Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի դաժան զինուորական արշաւէն վերջ, որուն հետեւանքով աւելի քան 120․000 հայեր հարկադրաբար տեղահանուած են Արցախէն/Լեռնային Ղարաբաղէն։
Անոնց շարունակական կալանքը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիքները կը կազմեն մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ծանր խախտում:
IUSY-ն կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Եւրոպական Միութեան և առնչակից բոլոր շահագրգռուած կողմերուն, անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկել, մասնաւորապէս՝

. Պահանջել Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ պատանդներու անմիջական ազատ արձակումը:
. Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար՝ միջազգային իրաւական ձեւաչափերով:

. Պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան նկատմամբ:
. Ապահովել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան՝ իրենց հայրենիք հաւաքականօրէն վերադառնալու իրաւունքը՝ միջազգային երաշխիքներու տակ եւ համաձայն ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքի:
. Պահանջել Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու դուրսբերումը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն՝ պահպանելով անոր միջազգայինօրէն ճանչցուած սահմանները:

IUSY-ն կը շարունակէ պաշտպանել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքները, անոր ինքնորոշման իրաւունքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:
Որպէս միջազգային կազմակերպութիւն, որ յանձն առած է պաշտպանել բոլոր ժողովուրդներուն ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, մենք կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ պաշտպանելով ճնշուած ազգերը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքները:
Ընկերվար Երիտասարդութեան Միջազգային Միութիւնը (IUSY) միջազգային մեծ կազմակերպութիւն է, որ կ’ընդգրկէ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական երիտասարդական միութիւններ: IUSY-ն, որ հիմնուած է 1907 թուականին որպէս Երիտասարդական Ընկերվարական Համաշխարհայնացում, այժմ կը ներկայացնէ 163 անդամ կազմակերպություններ 110 երկիրներու մէջ: Անոր առաքելութիւնը կը ներառէ երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւն, զանգուածային աշխուժութիւն, կրթական միջոցառումներ, արշաւներ եւ համաշխարհային շահերու պաշտպանութիւն: ՀՅԴ երիտասարդականը կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է։