Ուրբաթ, 7 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին եւ վարչութեան ատենապետ Զաւէն Պարսումեանին։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, «Գանձասար»-ի խմբագիրը անդրադարձաւ թերթի աշխատանքներու շարունակուող ընթացքին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ապահովական իրավիճակին եւ զգօն ըլլալու անհրաժեշտութեան։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց «Գանձասար»-ի խմբագրակազմին կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը եւ ապահով ու աշխոյժ գործունէութիւն մաղթեց անոր։