Սուրիոյ ծովափի շրջաններու վերջին զարգացումներուն շուրջ, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա պատկերասփիւռուած խօսքով հանդէս եկաւ յայտնելով որ. «Սուրիա պիտի շարունակէ յառաջդիմել, առանց ետ քայլ առնելու։ Սուրիոյ պաշտպանութիւնը բոլորին պատաախանատուութիւնն է։ Ծովափի շրջանի բնակիչները մեր պատասխանատուութեան տակ են, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է զիրենք պաշտպանել եւ տապալած վարչակազմի մնացորդներու վնասներէն հեռու պահել»։
Նախագահը ըսաւ, որ Սուրիոյ պետութիւնը պիտի շարունակէ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ոճիրներ իրագործողները հալածել։ Ան աւելցուց, որ պետութիւնը ջանք պիտի չխնայէ անվտանգութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը հաստատելու, շեշտելով, որ զէնքի օգտագործումը վերապահուած պիտի ըլլայ բանակին։