Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած Սուրիոյ դրացի երկիրներու հանդիպման մասնակցող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հաստատեցին իրենց երկիրներու աջակցութիւնը Սուրիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան` պահանջելով չեղեալ համարել անոր դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ Անոնք խոստացան գործակցիլ Սուրիոյ հետ, յատկապէս տնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներու մէջ, որպէսզի սատարեն Սուրիոյ վերականգնումի ծրագրերուն։
Արտաքին գործոց նախարարները յայտնեցին նաեւ, որ քննարկած են սահմանազատման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրակարգերը։