Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2025-ին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի եւ ՔԱՍԱՏ-ի ղեկավար Մազլում Ապտիի միջեւ պատմական համաձայնագիր ստորագրուեցաւ:
Ստորեւ համաձայնագրի յօդուածները.
1-Պահպանել բոլոր սուրիացիներու իրաւունքները՝ ներկայացուած ըլլալու եւ մասնակցելու երկրի քաղաքական կեանքին իրենց արժանիքներու հիման վրայ՝ անկախ կրօնական կամ ցեղային պատկանելութենէն։
2. Քրտական համայնքը սուրիական ընկերութեան էական բաղադրիչներէն է։ Սուրիոյ պետութիւնը կ՚երաշխաւորէ անոր քաղաքացիական եւ սահմանադրական բոլոր իրաւունքները։
3-Կրակմարի հաստատում Սուրիոյ բոլոր տարածքներուն վրայ:
4-Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ ռազմական եւ քաղաքացիական հաստատութիւնները կը միաձուլուին սուրիական պետութեան կառավարման համակարգին մէջ, ներառեալ սահմանային միջանցքները, օդակայանները, կազի եւ քարիւղային դաշտերը:
5-Ապահովել սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը՝ Սուրիոյ պետութեան պաշտպանութեան ներքեւ։
6-Աջակցիլ Սուրիոյ պետութեան՝ Ասատի մնացորդներուն եւ եդկրի ապահովութեան ու միասնութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ:
7-Մերժել պառակտման կոչերը, ատելութեան լեզուն եւ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն միջեւ թշնամանքի հրահրման փորձերը։
8-Գործադիր յանձնախումբերը աշխատանք կը տանին ու ամէն ջանք կը թափեն սոյն համաձայնագրի յօդուածները կեանքի կոչելու՝ նախքան 2025-ի աւարտը: