Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը տեղեկացուց, որ 10 Մարտին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւն այցելեցին Հալէպի
նահանգապետի տեղակալ Ալի
Հաննուրան, նահագապետի
խորհրդական Ղասսան Ֆարրուհը,
աշխատակազմի ղեկավար Ապտ ու-
Մունայիմ Ազատտինը, արտաքին և
քաղաքական յարաբերութիւններու
վարչութեան պետ Ահմետ Բատաուին և
հասարակայնութեան հետ կապերու
վարչութեան պետ Եասեր Մաուլոյը:
Փոխադարձ ճանաչողական զրոյցէն ետք, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Ա.
Աւետիսեան անդրադարձած է հայ-
արաբական պատմական կապերուն, հայ
և սուրիացի ժողովուրդներուն միջև
աւանդական ջերմ յարաբերութիւններուն, որ ազգամիջեան
բարեկամութեան դասական օրինակ
կրնայ ծառայել և օգտակար ըլլալ
վերականգնելու
հանդուրժողականութիւնը, ծառայելու և
փարատելու ազգամիջեան թշնամանքը,
աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ: Հիւրերը
իրենց լիարժէք համաձայնութիւնը
յայտնած են այս ուղղութեամբ՝ աւելցնելով,
որ իրենք Սուրիոյ հայ քաղաքացիներու և
Հայաստանի հանդէպ մեծ
ակնածանք և յարգանք ունին ու այդ
վերաբերմունքը շարունակական պիտի ըլլայ:
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը ներկայացուցած է
համագործակցութեան լայն շրջանակը,
բոլոր ասպարէզներու մէջ, որ աւանդաբար
գոյութիւն ունեցած է Հայաստանի և
Սուրիոյ միջև, աւելցնելով, որ Հայաստան
միշտ ալ պատրաստ է աջակցելու և
համագործակցելու Սուրիոյ բարեկամ
ժողովուրդին կողմից ընտրուած
իշխանութիւններուն հետ: Գլխաւոր
հիւպատոսը հիւրերուն ներկայացուցած է վերջերս կայացած ՀՀ ԱԳ փոխնախարար
Վ. Կոստանեանի այցելութիւնը Դամասկոս և ձեռք
բերուած համաձայնութիւններու
կատարման ընթացքը: Ան
համագործակցութեան իր տեսլականը
ներկայացուցած է հիւրերուն՝ ակնկալելով նաև անոնց ցանկութիւնները և
դիտարկումները այդ ուղղութեամբ:
Նահանգապետի տեղակալը իրենց
պատրաստակամութիւնը յայտնած է
ամենայն աջակութիւն ցուցաբերելու
Հալէպի ՀՀ գլխավոր հիւպատոսութեան
աշխատանքներուն: Կողմերը
պայմանաւորուած են փոխադարձաբար
մշտական կապի մէջ ըլլալ: Ա.
Աւետիսեան իր ջերմ ողջոյնները
փոխանցած է նահանգապետին և
խոստացած մօտ ժամանակներս այցելել
նահանգապետին: