Դամասկոսի ժողովրդական պալատէն ներս Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Երեքշաբթի, 11 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Սուէյտայի նահանգապետ դոկտ. Մուսթաֆա Պաքքուրի հետ։

Սուէյտայի նահանգապետարանը յայտնեց, որ հանդիպումին ներկաները խորհրդակցեցան ազգային եւ տեղական կարեւոր հարցերու շուրջ։

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Սուրիոյ պատմական այս փուլին կարեւորութիւնը, որ սուրիացիներուն յոյս պիտի ներշնչէ արդարութեան եւ օրէնքի վրայ հիմնուած երկիր մը կառուցելու, ուր արդարութեամբ պիտի ներառուին սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկները։