Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2025-ին, Հալէպի քրիստոնեայ համայնքապետերը հանդիպում ունեցան Հալէպի առողջապահական տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն հետ, հիւրընկալութեամբ Յոյն Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլիի։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Հանդիպումին արծարծուեցան Հալէպի առողջապահական ներկայ իրավիճակը, համայնքներուն ճամբով մատուցուող ծառայութիւնները եւ անցումային շրջանի կառավարութեան տարած աշխատանքը առողջապահական ծառայութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ։
Ակնարկուեցաւ նաեւ Կիրակի, 16 Մարտ 2025-ին կազմակերպուելիք արեան տուչութեան եւ անոր գործելակերպին մասին։