Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (IUSY) հրապարակեց յայտարարութիւն մը Պաքուի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութեան մասին՝ դատապարտելով տեղի ունեցածը:
Ստորեւ՝ այդ յայտարարութիւնը.
«17 Յունուարէն ի վեր Ատրպէյճանի Պաքու քաղաքին մէջ կը շարունակուին կեղծ դատավարութիւններ՝ 16 հայ պատանդներու դէմ, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական եւ զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներ:
«Անոնց դէմ մեղադրանքները՝ ահաբեկչութենէն սկսեալ մինչեւ անօրէն զինուած խմբաւորումներու կազմութիւն, անհիմն են եւ՝ քաղաքականապէս ուղղորդուած: Այս կեղծ դատավարութիւնները անգամ մը եւս կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ կը հանդիսանան հաշուարկուած փորձեր՝ ջնջելու Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) հայ ժողովուրդի պատմական եւ քաղաքական ինքնութիւնը:
«Շուրջ 17 ամիսներէ ի վեր այս անձերը անօրինաբար կը պահուին բանտարկութեան մէջ՝ Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի դաժան ռազմական արշաւէն ետք, որուն պատճառով առաւել քան 120.000 բնիկ հայեր հարկադրաբար տեղահանուեցան Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղէն): Անոնց շարունակական բանտարկութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիքները կը հանդիսանան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ծանր խախտում:
«Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան, ներառեալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը եւ առնչակից բոլոր շահագրգիռ կողմերը՝ անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու, մասնաւորապէս՝
«- Պահանջելու Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալներուն եւ պատանդներուն անմիջական ազատ արձակում:
«- Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն համար՝ միջազգային իրաւական գործիքակազմերու միջոցով:
«- Պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի բռնատէր վարչակարգին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան նկատմամբ:
«- Ապահովելու Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան՝ իրենց հայրենիքը հաւաքականօրէն վերադառնալու իրաւունքը՝ միջազգային երաշխիքներով եւ ինքնորոշման հիմնարար իրաւունքին համաձայն:
«- Պահանջելու Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն դուրս բերելը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն՝ պահպանելով անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները:
«Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կը շարունակէ պաշտպանել Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքները, անոնց ինքնորոշման իրաւունքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:
«Իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն, որ յանձն առած է պաշտպանել բոլոր ժողովուրդներուն ազատութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, մենք կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը՝ պաշտպանելով ճնշուած ազգերը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքները»: