Ստորեւ կը ներկայացնենք խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի հարցազրոյցներէն մէջբերումներ, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ ծովափի քաղաքներու լարուած վիճակին եւ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
«Alpha News» կը գրէ հետեւեալը.
Սիրիայում վերջին օրերին կրկին լարուած իրավիճակ է։ Զանգուածային բախումներ են տեղի ունեցել սիրիական անվտանգութեան ուժերի եւ նախկին նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի կողմնակիցների միջեւ։ Մարդու իրաւունքների սիրիական դիտորդական կեդրոնը յայտնել է, որ Մարտի 6-ից ի վեր զոհուել է 1311 մարդ, այդ թւում՝ անվտանգութեան ուժերի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան 231 ներկայացուցիչ, նախկին նախագահի 250 կողմնակից եւ 830 խաղաղ բնակիչ։
Նիւթին վերաբերեալ «Alpha News»-ը 11 Մարտին զրուցել է «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ:
«Լաթաքիոյ կեդրոնական հատուածներուն մէջ այսօր վիճակը աւելի կայուն է, բայց մարդիկ կը շարունակեն միայն խիստ անհրաժեշտ պարագաներու տունէն դուրս գալ: Բախումներու առաջին երկու օրերը ապահովական ուժերը պարետային ժամ յայտարարած են։ Երէկուընէ ի վեր քաղաքին մէջ ապահովական ուժեր ստուգումներ կը կատարեն անցորդներուն, ինչպէս նաեւ մեքենաները կը խուզարկեն, որ աւելի վտանգաւոր դէպքեր տեղի չունենան: Կրթութեան նախարարութիւնը որոշած է Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի դպրոցները մինչեւ շաբաթավերջ փակ պահել: Հայ համայնքի դպրոցն ալ փակ պիտի մնայ: Քաղաքը ելեկտրականութիւն չկայ, ջուրը մերթ ընդ մերթ կ’անջատուի, դեղորայքի պակաս կայ, իսկ մարդիկ տագնապի մէջ են», յայտնած է Պօղիկեան:
Խօսելով հայ համայնքի ներկայ վիճակի մասին՝ ան ըսած է. «Տեղւոյն հայերը յայտնած են, որ այսօր իրենց թաղամասերուն մէջ կրակոցներու ձայներ չեն լսուիր, բայց յարակից տարածքներու մէջ լսելի են: Հայ համայնքը տնտեսական ծանր վիճակի մէջ է: Օրեր շարունակ մարդիկ չեն աշխատիր: Եկեղեցական արարողութիւններ յետաձգուած են անվտանգութեան նկատառումներով, այդուամենայնիւ, եկեղեցին կը փորձէ ամէն ձեւով օգնել համայնքի զաւակներուն: Նախապէս յայտնած էինք, որ 2 հայ զոհուած է, անոնցմէ բացի այլ զոհեր կամ վիրաւորներ մեր հայրենակիցներուն մէջ չկան: Հայ համայնքին կը յորդորենք տուներէն դուրս չգալ, քանի դեռ իրավիճակը ամբողջովին չէ կայունացած»։
ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ ՕՏԱՐ ԵՒ ԿՈՂՄՆԱԿԻ ՈՒԺԵՐԸ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ
«Alpha News»-ի հարցազրոյցը Ժ. Րէիսեանի հետ.
Սիրիայի մէջ վերջին օրերին կրկին լարուած իրավիճակ է։ Զանգուածային բախումներ են տեղի ունենում սուրիական անվտանգութեան ուժերի եւ նախկին նախագահի կողմնակիցների միջեւ։ Այս նիւթին վերաբերեալ «Alpha News»-ը զրուցել է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի հետ։
«Նախորդ իշխանութեան հեռանալէն ետք, երկիրը կ’ապրի նոր ժամանակաշրջան՝ նոր իշխանութիւն իր նոր իշխանաւորներով, որոնք կը փորձեն վերականգնել երկիրը նոր արժեհամակարգերով։ Սակայն այս ամէնը չի նշանակեր, թէ երկիրը ամբողջովին վերագտած է իր կայուն ընթացքը՝ յատկապէս, երբ օտար ու կողմնակի ուժեր դերակատար են ներկայ վիճակին մէջ։
Խօսելով հայկական համայնքին մասին՝ պէտք է նշեմ, որ Լաթաքիոյ մէջ կայ հայկական յստակ ներկայութիւն՝ եկեղեցի, ակումբ, դպրոց, այսինքն՝ լուրջ գաղութ, որ Բերիոյ Թեմի հովանաւորութեան տակ է։ Գաղութը, բարեբախտաբար, բախումներու ընթացքին վնասներ չէ կրած, սակայն երկու հայ զոհուած է։ Անոնք յայտնուած են երկկողմանի կրակոցներու տակ։ Խորհուրդ կու տանք զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ», նշած է Րէիսեան։