10 Մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի մամլոյ ասուլիսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Յակոբ Բագրատունիի եւ Լիլիթ Գալստեանի մասնակցութեամբ:
Լիլիթ Գալստեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին մէջ կնոջ ներկայութեան արժեւորման համար՝ յոյս յայտնելով, որ կ’արդարացնէ այս պատասխանատուութիւնը, ապա ընթերցեց ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ վերջին երեք տարիներուն Հայաստանը պատուհասած կործանարար ընթացքը իսկապէս պատճառեց նորանոր կորուստներ, եւ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի շրջանի մը, որ նախապէս կուսակցութեան նախանշած բոլոր սպառնալիքներն ու վտանգները ալ աւելի հաստատեցին իրենց կենսունակութիւնը՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդը ականատես եղաւ այլ ցեղասպանութեան մը, որ
գործադրուեցաւ Արցախի մէջ եւ Արցախը հայաթափուեցաւ:
Ըստ անոր, այս իշխանութիւններուն օրով Հայաստանը բռնած է ուղի մը, որ կը տանի դէպի թրքացում. «Մեր այդ կանխատեսումները, դժբախտաբար, այս իշխանութիւններուն թեթեւ ձեռքով կ’իրականանան: Մեր հիմնական խնդիրը այն էր, որ այս փուլին գնահատուեցան ստեղծուած իրավիճակի լրջութիւնը, սպառնալիքները, որոնք այսօր կանգնած են հայութեան առջեւ: Այս վարչախումբի գործելաոճը պարտուողականութիւնն ու զիջողականութիւնն է՝ յանուն կարծեցեալ խաղաղութեան, որուն «երաշխաւորը» պիտի հանդիսանայ թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը: Սա հանրութենէն կը փորձեն թաքցնել: Մեր խաղաղութեան «երաշխաւորները» պիտի ըլլան ցեղասպան Թուրքիան ու Ատրպէյճանը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ երկիրը պէտք է փոխէ իր արտաքին քաղաքականութեան ընթացքը: Ըստ անոր, Հայաստան ոչ թէ պէտք է կորսնցնէ իր բարեկամները, այլ բազմապատկէ անոնց թիւը: «Փոխանակ բարեկամ երկիրներու քանակը աւելցնենք, մենք անոնցմէ թշնամիներ կը ստեղծենք: Այս իրավիճակը պէտք է կտրուկ փոխուի», շեշտեց ան:
Կարեւոր նկատելով Ռուսիոյ հետ ռազմավարական ու դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը՝ Ռուստամեան անհրաժեշտ նկատեց ստեղծել երկկողմանի երաշխաւորուած պաշտպանութեան համակարգ, որ պիտի գործէ հաւանական յարձակումներու պարագային: «Մնացած բոլոր միջազգային կեդրոններուն հետ պէտք է գործենք փոխլրացման տրամաբանութեամբ՝ պաշտպանելով մեր ազգային շահերը», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ  Դաւիթ Իշխանեանի ճակատագիրին՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Մեր ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը բանտարկուած է Ատրպէյճանի մէջ: Լուրեր ունինք, որ իր առողջական վիճակին հետ կապուած խնդիրներ կան: Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ու պատանդներու ազատ արձակման մասով որոշակի գործընթացներ կ’իրականացուին: ՀՅԴ-ի համար սա գլխաւոր հարցերէն մէկն է: Հայ դատի գրասենեակներն ու ՀՅԴ-ի կառոյցները ամէն ինչ կ’ընեն ու պիտի ընեն, որպէսզի օր առաջ ռազմագերիները վերադարձուին:
ՀՅԴ-ի մէջ այս առումով իրաւական, քաղաքական աշխատանքներու բաժանում կատարուած է, որպէսզի հարցը ըստ կարելւոյն արագ լուծում ստանայ»: Ան նաեւ շեշտեց, որ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովին Դաւիթ Իշխանեանին վերաբերեալ առանձին ու միաձայն որոշում տրուած է, որ ան պիտի շարունակէ մնալ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: Ռուստամեանի համաձայն, գրեթէ ամբողջութեամբ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն եւ կառոյցը նոյնպէս կը պահպանուին:
«Աշխարհի մէջ իրավիճակը փոխուած է եւ այդ մեզ կու տայ կարելիութիւն, որ կարողանանք փոխլրացման տրամաբանութեամբ գերտէրութիւններու հետ աշխատիլ եւ մեր շահերը պաշտպանել: Սա յստակ օրակարգ է, եւ այս յստակ օրակարգին շուրջ Դաշնակցութիւնը կ’արտայայտէ իր պատրաստակամութիւնը արդէն նաեւ մեր բարձրագոյն ժողովի մակարդակով համագործակցիլ բոլոր այն ուժերուն հետ, որոնք կը կիսեն այս օրակարգը եւ պատրաստ են իբրեւ անհրաժեշտ պայման իշխանափոխութիւն իրականացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխել այս ապազգային ուղեգիծը»,
նշեց Արմէն Ռուստամեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայիս տիրող ճգնաժամային իրավիճակին, որ  բնականաբար, իր անմիջական ազդեցութիւնը կ’ունենայ հայկական համայնքներուն վրայ:
Ըստ անոր, տեղական մարմինները, մեր կառոյցները, ազգային տարբեր-տարբեր հաստատութիւնները, եկեղեցին իրենց առաւելագոյն ճիգը ի գործ կը դնեն մեր համայնքի թէ՛ ֆիզիքական գոյութեան, թէ՛ իրաւական, տնտեսական ու մշակութային պաշտպանութեան ի խնդիր: Դաշնակցութեան եւ ազգային տարբեր կառոյցներ՝ մշակութային միութիւններ, կրթական, բարեսիրական, մարզական եւ այլ միաւորներ, իրենք եւս ունին պահպանման խնդիր: Այս իմաստով նաեւ Ընդհանուր ժողովը անդրադարձ կատարեց այս հարցերուն: «Միջին Արեւելքի հայութեան պահպանումը պարզապէս Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներու պահպանում չէ, այլ Հայաստանի եւ մեր ընդհանրական նպատակներու իրականացումն է», շեշտեց Յակոբ Բագրատունին:
Ասուլիսի աւարտին ՀՅԴ ներկայացուցիչները պատասխանեցին լրագրողներուն բազմաթիւ հարցումներուն: