Ծովեզերեայ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումներուն եւ հաւաքական սպանութիւններուն առիթով սուրիական նորահաստատ իշխանութիւններու ղեկավարողին յայտարարութիւնը առ այն, որ անոնք նախատեսուած մարտահրաւէրներու շարքին էին, որոշ հետեւութիւններու կ’առաջնորդէ:

Նախ այն, որ ալեւիներու նկատմամբ նման գործողութիւններ կրնային իրականանալ: Տարբեր խնդիր, թէ նախորդ վարչակարգի մնացորդաց ուժերու կողմէ խռովարարութի՞ւն է, թէ վրէժխնդրութեան ակունքներէ կը բխի այս երեւոյթը: Կայ անշուշտ երրորդ տեսութիւնը, որ կանխածրագրուած եւ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւն առաջադրող ծրագիրին կը վերաբերի:
Ուշագրաւը այն է, որ զանգուածային սպանութիւններու յանգած այս դէպքերը կը յաջորդէին իշխանութիւններուն կողմէ նախաձեռնուած ազգային երկխօսութեան համագումարին: Նոր սահմանադրութեան մշակման որոշումի մեկնարկի պաշտօնականացումն էր համագումարը հիմնականին մէջ, ուր կը շեշտուէր ազգային փոքրամասնութիւններու, համայնքներու իրաւունքներուն ներառումը սահմանադրութեան մէջ եւ քաղաքացիներու հաւասարութեան սկզբունքի յարգումը:
Ալեւի համայնքին վրայ կեդրոնացած է հիմա լուսարձակին ամբողջութիւնը: Համասուրիական տարածականութեամբ սակայն կայ քրտական հանգոյցը. այս դէպքերու նախօրէին բռնկած էր նաեւ տիւրզիաբնակ տարածքներու կարգավիճակի ճշդումի խնդիրը:
Ուշագրաւ էր Սուրիոյ տեղեկատուական հարցերու նախարարին յայտարարութիւնը, թէ՝ նախորդ վարչակարգի զինեալ դրսեւորումներուն ետին կանգնած է Իրանը: Մինչ Թեհրանի ներկայացուցիչները ներսուրիական խլրտումներուն հովանաւորը կը նկատէին Անգարան:
Բացական այս բոլորին մէջ Սուրիոյ նախկին հովանաւորն է, որ առանցքային դեր ունէր ալեւի համայնքին վրայ գերազդեցիկ գործօն իբրեւ եւ որուն ռազմայենակէտերը թէ՛ ցամաքային եւ թէ՛ ծովային այդ շրջաններուն մէջ էին: Այս դէպքերը կը վերագրուին ոչ թէ Մոսկուային, այլ Թեհրանին, Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կողմէ:
Նախորդ վարչակարգի յենասիւները՝ Իրանն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը ջլատուած են Սուրիոյ մէջ: Այդ յենասիւները կը թուի, որ փոխարինուած են Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ: Երկուքն ալ զինուորական ներկայութիւն են սուրիական տարբեր տարածքներու վրայ: Թուրքիոյ համար կայ երկու խնդիր՝ իր մօտ գտնուող սուրիացի գաղթականները եւ անշուշտ քրտական սպառնալիքը: Անգարան այս երկու խաղաթուղթերը լիարժէք կ’օգտագործէ իր զինուորական ներկայութիւնը հիմնաւորելու համար: Զինուորական ներկայութիւն է նաեւ Իսրայէլը, որ ներխուժած է սուրիական տարածքներ եւ կը վերահսկէ Սուրիոյ դրացի երկիրներու անցքերը:
Այս բոլորը տեղի կ’ունենան Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան ներքեւ: Ուաշինկթընն է կարմիր գիծերն ու սահմանները ճշդողը: Նաեւ՝ ներխուժման գործողութիւններու արտօնութիւն տուողը:
Հիմա, հայկական ոսպնեակը: Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի աշխուժացումը, ներկայութիւնը, զինուորական խարսխաւորումը
պարզ ընկալումով ո՛չ պետութեան, ո՛չ ալ համայնքի շահերէն կը բխին: Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով չթիրախաւորուելու մօտեցումը գերակայ պիտի ըլլայ եւ հաշուի առնուի պետական գերատեսչութիւններուն եւ համայնքին մասին հրապարակային կոչեր, թելադրանքներ կամ դասեր տուողներու կողմէն:
Այս առումով ալ թէ՛ ծովեզերեայ Սուրիոյ շրջաններուն մէջ շարունակուող դէպքերուն կամ թէ ընդհանրապէս սուրիահայ համայնքի իրավիճակին մասին լրատուութիւններ թողարկողներն ու մեկնաբանութիւն կատարողները բացառապէս պէտք է շարունակեն հիմնուիլ համայնքի պաշտօնական հոգեւոր եւ ազգային մարմիններու հրապարակած հաղորդագրութիւններու բովանդակութեան վրայ: Տեղեկատուութիւնը եւս անվտանգային համակարգի բաղադրիչ է:
Վերադառնանք Սուրիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչին կատարած յայտարարութեան, թէ վերջին դէպքերը նախատեսուած մարտահրաւէրներու շարքին էին: Կան տակաւին այլ փուլեր, այլ ցնցումներ: Սուրիան, ընդամէնը, Միջին Արեւելքի ընդհանուր նոր խճանկարին մէկ մասնիկն է:
«Ազդակ»