Առաւօտեան սուրճին հետ դիմատետրը թերթելը, բարեկամներուս, դասընկերներուս եւ ծանօթներուս լուրերը կարդալը օրս եռանդով կը լեցնէ, մանաւանդ երբ կը մտածեմ՝ իրենց բոլոր ըրածներուն քով իմ ըրածներս ի՜նչ են որ… եւ կը ծրագրեմ աւելին ընել:
Վերջերս սակայն _ վերջերս, ըստ պատմութեան կամ ժամանակի հաշուարկին վերջին մէկ վայրկեանը=քառորդ դարը _ անասելի բռնութիւններու, անարդար դէպքերու, քաղաքական սրիկայութիւններու եւ քաղաքականօրէն զօրաւորին ապիկար լկտիութեան անկասելի «շքերթ»-ի մը ժամանակը դարձեր է:
Ընդմիջումներ կը պատահին նաեւ, երբ կեանքը բնականին վերադառնալու խոստում կը թուի:
Կը թուի միայն, որովհետեւ ահա նո՛ր թափով եւ աւելի՛ սաստկութեամբ կը սկսի կրկնութիւնը նոյն այդ շքերթին:
Ի՞նչ ընել:
Երբեմն կը մտածեմ՝ իրապէ՞ս անիծեալ ենք, որ այսքան բան կը պատահի մեզի. Ջարդը, տեղահանութիւնը, Սովետական կարգերը, եւ ի վերջոյ փոքրիկ Հայաստան մը, որ կը խոստանար դրախտ ըլլալ, գոնէ մեզի համար:
Միայն մենք չենք սակայն այս շքերթին զոհերը: Ամբողջ մարդկութիւնը ի՛նք է:
Բայց ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ այսքան բրտութիւն: Ո՞ւր մնաց մարդուն քաղաքակրթութիւնը 21-րդ դարու շեմին: Ա՞յս է, այսպէ՞ս եւ այսքա՞ն է մեր՝ մարդ արարածին յառաջացումը, գիտութեան նուաճումը:
Ի՞նչ ընենք: Ի՞նչ կ’ընեն մարդիկ, երբ կը զրկուին ապրելու նուազագոյն պայմաններէն, աւելին՝ արժանապատուութեամբ ապրելու պայմաններէն:
Ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՛վ է երկրին ղեկավարը, թէ ո՛ր կուսակցութիւնն է իշխողը, թէ ի՛նչ կրօնական համոզումներ կը տիրեն: Կարեւորը՝ մարդը, պարզ, սովորական մարդը արժանապատիւ կերպով կարենայ աշխատիլ, ապրիլ եւ ապրեցնել նախ իր ընտանիքը, ապա իր շրջապատը, քաղաքը, երկիրը…
Այնքա՜ն հարցեր կան աշխարհի ճակատագիրը որոշող քանի մը մեծ երկիրներուն մէջ, այնքա՜ն հարցեր կան երկրագունդին ապագային շուրջ՝ կլիմայական փոփոխութիւններէն, մինչեւ աղբերու կուտակումին հարցը:
Ոչ ոք սակայն ուշք կը դարձնէ նման եւ շա՜տ աւելի հարցերու:
Ինչո՞ւ:
* * *
Կար ատեն, երբ կը զարմանայի, թէ Նշան Պէշիկթաշլեան, որ Փարիզ կ’ապրէր, Փարիզի տղոց խումբէն չէր եւ տարիքով ամէնէն մեծն էր, կը զարմանայի թէ ինչո՞ւ անոնց նման չի գրեր իր կեանքին, ամէնօրեայ դժուարութիւններուն մասին, կամ Արամ Հայկազի նման Ջարդի անցած ճամբաներուն մասին:
Նշան Պէշիկթաշլեան ընդհանրապէս գրեր է իր գիւղի հեքիաթներուն մասին, գիւղի աւանդութիւններուն, հաւատալիքներուն մասին, որոնք գոյութիւն ունէին ջարդերէն առաջ: Ինչո՞ւ:
Նոր է որ կը հասկնամ, որովհետեւ ահա ես ալ կը լսեմ վերջին ահաւոր դէպքերը, բայց կը գրեմ այլ բան…
* * *
Թէեւ աչքերս գիրքիս վրայ են, իբր թէ կը կարդամ, բայց միտքս Զարմիկին հետ է.
_Թերթը լոյս պիտի տեսնէ՞ այս շաբաթ,_ կը հարցնեմ քաշուելով, միտքէս:
Լուրերը այնքան ծանր են, որ չեմ կրնար գրել, բայց եթէ թերթը լոյս պիտի տեսնէ, պէ՛տք է գրեմ:
_Տիկին Մարուշ, այսպէս ամէն շաբաթ որ կը գրէք «Գանձասար»-ին, կը վճարուի՞ք:
_Ոչ,_ կ’ըսեմ պարզօրէն:
_Իրապէ՞ս,_ շա՜տ կը զարմանայ խօսակիցս,_ ինչո՞ւ կը գրէք ուրեմն:
Հիմա ես է որ շա՜տ կը զարմանամ:
_Քաղաքիս, ծննդավայրիս միակ թերթն է, հոն չապրելով, նուազագոյնն է որ կրնամ ընել,_ կ’ըսեմ կրկին պարզօրէն:
Գիտեմ որ ծանր պայմաններու մէջ չխենթանալու համար, հաւասարակշռութիւնը պահելու կ’երեւի միակ ձեւը կարելիին չափ սովորականը՝ լրութինը պահելն է, բան մը որ մեծ կամք կը պահանջէ:
_Թերթը լոյս պիտի տեսնէ՞:
Պէտք է հաճելի, ուրախ, կամ յիշատակներ արթնցնող բան մը գրեմ: Բայց գրիչս չի հնազանդիր:
* * *
Ֆաուստը իր հոգին ծախեց սատանային, անսահման գիտելիք եւ երիտասարդի աւիւն ունենալու համար: Կէօթէի այս գիրքը լոյս տեսեր է 1808 թուականին:
Վարպետը իր հոգին ծախեց («Վարպետը եւ Մարկարիթան»), Մարկարիթայի սիրոյն: Միքայէլ Պուլկաքովի գիրքը լոյս տեսեր էր 1946-ին:
Ատտի Լարուն իր հոգին ծախեց-տուաւ Մութին (The invisible Life of Addie LaRue), որ զինք փրկէ պարտադրուած ամուսնութենէ մը: Victoria E. Schwab-ի գրիչով այս գիրքը հրատարակուեր է ԱՄՆ, 2020 թուականին:
Այլ երկիրներու գրականութիւններուն մէջ եւս հաւանաբար նոյն նիւթին շուրջ գրուած գրական երկեր կան:
Այդ երկերէն ո՛չ մէկը սակայն կ’ըսէ, թէ սատանան ի՞նչ ըրաւ, կամ ի՞նչ կ’ընէ ընդհանրապէս իր առած-գողցած հոգիներով:
Եթէ յիշած վէպերուս առաջիh երկուքը տղամարդ հերոսներ ունին, որոնք համաձայնութիւն կնքեր են իրենց անձնական շահերուն համար, ապա երրորդ վէպին հերոսը երիտասարդ աղջիկ մըն է, որ իր հոգին կու տայ, մարդկային ամէնէն էական ազատութեան՝ ընտրելու ազատութեան համար. կին է, չունի այդ ազատութիւնը, մանաւանդ 1700-ականներու արեւմտեան աշխարհին մէջ: Եւ ատիկա ունենալու համար, պէ՛տք է Մութին հետ դաշինք կնքէ:
Այսքանը, նոյնիսկ անձնական շահու դրդապատճառը հասկնալի է, որովհետեւ այդ հերոսները, որոնք տէրն են իրենց հոգիին, միայն այդ՝ իրենց ունեցածն է որ գրաւի կը դնեն. անոնց որոշումը ուրիշներու կեանքին համար սպառնալիք չէ՛:
* * *
Եւ կը յիշեմ, կրկին ու կրկին, որ միշտ եւ ամէն ժամանակներու մէջ, ամէնէն մեծ մեղքերը գործուած են կեանքի էական հաւատալիքներուն՝ հայրենիքի, կրօնքի եւ սիրոյ անունով, իբր թէ անոնց համար:
Մարուշ Երամեան