ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐ
Հայկական հարուստ մշակոյթը առածներու հարուստ ժառանգութիւն ունի: Ասացուածքները ժողովուրդի մը դարաւոր կենսափորձէն բխող սեղմ, պատկերաւոր, իմաստալից ընդհանրացումներն են ընկերային կեանքի, մարդկային բարքերու եւ կեանքի բազմազան երեւոյթներու մասին:

Հայկական առածները կ’արտացոլացնեն հայ ժողովուրդին փիլիսոփայութիւնը, կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ կեանքի կարեւոր դասեր կու տան մեզի: Ստորեւ` հայկական ասացուածքներու փունջ մը.
«Հերոս չկայ` առանց վէրքերու»:
«Եօթը դուռ թակէ, որպէսզի մէկը բացուի»:
«Հիւրը երկու անգամ կ’ուրախացնէ տանտիրոջ. երբ կը ժամանէ եւ երբ կը մեկնի»:
«Նետուած քարը չի վերադառնար»:
«Խօսքով փիլաւ չես եփեր. իւղ եւ բրինձ պէտք է»:
«Ճամբան քալելով կը վերջանայ, պարտքը` տալով»:
«Մի՛ ըլլար միայն հացի ընկեր, եղիր նաեւ լացի ընկեր»:
«Հեռո՛ւ կանգնիր այն ջուրէն, որ ոչ կը խշշայ, ոչ կ’աղմկէ»:
«Տան ներսի պատը կինն է, դուրսինը` ամուսինը»:
«Ուժը քաջին, սուրը գործածողին կը վայելէ»:
Իսկ դուք կրնա՞ք ամբողջացնել հայկական այս ասացուածքները:
1) «Լաւ է կանգնած մեռնիլ, քան` —————ապրիլ»:
2) «Ալիւրը մենք մաղեցինք, ————— ուրիշները կերան»:
3) «Հերոսը մէկ անգամ կը մեռնի, —————` հազար»:
4) «Նոյն ծաղիկէն ————— թոյն կը շինէ, մեղուն` մեղր»:
5) «Շատ ————— ունեցող գիւղին առաւօտը շուտ կը ծագի»:
***
Մեծ Պահքի Ուտեստներ
ՈՍՊՈՎ ՔԷՈՖԹԷ
Բաղադրութիւն

-2 գաւաթ ոսպ
-1,5 գաւաթ մանր ձաւար
-2 հատ միջակ չոր սոխ
-2 հատ կանաչ սոխ
-3 ճաշի դգալ բուսաիւղ կամ ձիթաիւղ
-Կէս կապ ազատքեղ
-1 թէյի դգալ պղպեղի խոյս
-Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ, քիմոն
Պատրաստութիւն
Նախ ոսպը լուալ, մինչեւ որ անոր աւելցուած ջուրը թափանցիկ դառնայ։
Քամել լուացուած ջուրէն, աւելցնել 5-6 գաւաթ ջուր եւ եփել մինչեւ որ ոսպը եփի եւ ջուրը նուազի, բայց ոսպը մնայ ջրոտ։
Կրակը մարել եւ տաք ու ջրոտ ոսպին վրայ աւելցնել մանր ձաւարը ու ձգել կէս ժամ, մինչեւ որ ձաւարը ներքաշէ ամբողջ ջուրը։ Աւելցնել աղը, քիմոնը, կարմիր փոշի պղպեղը, պղպեղի խոյսը եւ մանրուած ազատքեղին կէսը։
Իւղը կրակին վրայ դնել։ Հալելէն ետք աւելցնել մանր մանրուած սոխին երեքքառորդը ու դարձնել իւղին մէջ մինչեւ որ թմրի։ Ապա իւղով սոխը եւ մնացեալ հում մանր մանրուած սոխը աւելցնել ոսպին ու ցաւարին վրայ։
Խառնուրդը շաղել մինչեւ որ միատարր դառնայ։ Ապա պնակի մը մէջ ցանել մանրուած մնացեալ ազատքեղը, վրան շարել ափին մէջ սեղմուած ու մանր կտորներու վերածուած ոսպով քէոֆթէն։ Զարդարել մանրուած կանաչ սոխով եւ մանրուած կարմիր պղպեղով։ Հիւրասիրել թթուաշի հետ։