Չորեքշաբթի, 12 Մարտին Սուրիոյ նախագահը, իրեն վերապահուած իրաւասութեան լոյսին տակ, 5 թուակիր որոշումով կազմեց Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը՝ երկրի անվտանգութեան քաղաքականութիւնը մշակելու եւ յառաջիկայ ապահովական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։

Խորհուրդը կը նախագահէ Ահմետ աշ-Շարաաը, անոր մաս կազմեն արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, ներքին գործոց նախարարները, եւ այլ անձինք։