13 Մարտի լիագումար նիստին, Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու 523 կողմ, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունեց «Հայ պատանդներու՝ «Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի կալանաւորման եւ կեղծ դատավարութիւններու մասին» վերտառութեամբ բանաձեւը, որուն նախորդած էր նոյն նիւթի շուրջ խորհրդարանական քննարկումը 12 Մարտին։ Բանաձեւը արձանագրած է 23 հայ ռազմագերիներու, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները գերեվարումը ցեղային զտումներէն վերջ, իրավիճակ մը, որ, ըստ խորհրդարանին, կը պահանջէ միջազգային հետապնդում, որ պէտք է իրականացուի Եւրոպական Միութեան կողմէն։ Դատապարտելով 23 հայ պատանդներու ապօրինի կալանաւորումը եւ անոնց հանդէպ անմարդկային ու արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքը՝ խորհրդարանը կը պահանջէ անոնց անյապաղ ազատ արձակել՝ վկայակոչելով չարաշահումներու, խոշտանգումներու եւ անօրինական գործունէութեան շարք մը ապացոյցներ։

Յատկանշական է, որ բացի գերիներու ազատ արձակելու պահանջէն եւ Ատրպէյճանը յորդորելով կատարել Ժնեւի համաձայնութեան իր պարտաւորութիւնները, բանաձեւը նաեւ ԵՄ գործադիր իշխանութիւններուն կոչ կ’ուղղէ թիրախային պատժամիջոցներ սահմանելու մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ ներգրաւուած ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ, մասնաւորապէս դատաւորներու ու դատախազներու, որոնք զբաղած են կեղծ դատավարութիւններով: 12 Մարտին կայացած քննարկումի ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանի շարք մը պատգամաւորներ քննադատած են կեղծ դատավարութիւններու «ստալինեան» բնոյթը, ինչպէս նաեւ ԵՄ գործադիր իշխանութեան մարմիններուն՝ Ատրպէյճանի կողմէն մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումները անտեսելու համար։

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Վիթենիս Փովիլաս Անտիուկայթիս պահանջած է պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ՝ համարելով Արցախի ցեղային զտումը որպէս «ռազմական հանցագործութիւն»:

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Միրիամ Լեքսման նոյնպէս դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեայ հայերուն դէմ իրականացուած «ցեղային զտումները» եւ կրկնել Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու կոչերը՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ որեւէ խաղաղ համաձայնագիր պէտք է ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Ֆրանսացի խորհրդարանական Նաթալի Լուազոն ԵՄ բարձր յանձնակատար Քայա Քալասին կոչ ուղղած է անձամբ այցելելու Հայաստան և երկրին մէջ ԵՄ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը։

Ընդունուած բանաձեւը նաեւ կ’անդրադառնայ աւելի քան 20 օր հացադուլի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանի հանդէպ վատ վերաբերմունքին եւ առողջութեան վատթարացման՝ ԵՄ գործադիր իշխանութեան յորդորելով դատավարութիւններու ժամանակ պահանջել ԵՄ եւ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր այցելութիւններ պատանդներուն՝ մարդու իրաւունքներու հարցերու ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչի այցելութիւնը։ Եւրոպական խորհրդարանը աւելի ուշ, 19 Դեկտեմբեր 2024-ին ընդունուած իր բանաձեւին մէջ, անդրադարձած էր ռազմագերիներու հարցին՝ միաժամանակ դատապարտելով Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու եւ ընդդիմադիր գործիչներու շարունակական ճնշումներն ու հետապնդումները։

Այս բանաձեւը արձանագրած էր՝ հայ ռազմագերիներու կալանավորումը, որպէս Ատրպէյճանի կողմէն իր միջազգային պարտաւորութիւնները չկատարելու ցանկութեան օրինակ։ Բացի անկէ, նաեւ պահանջած է «կասեցնել 2022 թուականին ստորագրուած ԵՄ-Ատրպէյճան փոխըմբռնման յուշագիրը ուժանիւթի ոլորտէն ներս։ Այս վերջին պահանջը կրկնուած է նաեւ այսօր ընդունուած բանաձեւին մէջ։ Այս կոչերը նշան են միջազգային աճող վիճակի՝ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու, պատանդները անյապաղ ազատ արձակելու, պատժամիջոցներ սահմանելու եւ այլնի մասին։

Բանաձեւը նաեւ հայ գերիներուն նկատմամբ վատ վերաբերմունքի անկախ հետաքննութեան կոչ ուղղած է։ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ’ողջունէ այս զարգացումը եւ կը վերահաստատէ իր կոչը ԵՄ գործադիր մարմնին՝ հաւատարիմ մնալու այս ուղղութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումներուն:

Ըստ գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապետեանին. «ԵՄ գործադիրը այլեւս չի կրնար անտեսել հայ գերիներու ծանր վիճակը։ Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունած է բանաձեւ, որ խստօրէն դատապարտած է կեղծ դատավարութիւնները՝ անոնք անուանելով այդպիսին՝ լիովին հասկնալով դատավարութեան անօրինական բնոյթը, որ օգտագործուած է ոչ միայն 16 հայ պատանդները վախեցնելու, այլեւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին սարսափի մէջ պահելու համար:

ԵՄ-ի կողմէն նպատակաուղղուած պատժամիջոցներու սահմանումն ու դիտորդական առաքելութիւններ ուղարկելը առաջին քայլերը պիտի ըլլան հայատեացութեան համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ»։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
13 Մարտ 2025թ