Շաբաթներ առաջ անգութ մահը մեզմէ առ յաւէտ խլեց նուիրեալ ազգային, կարգ-կանոնն ու օրէնքը գերազանցապէս յարգող համազգայնական վաստակաշատ ընկեր Վիգէն Մարաշլեանը:
Ընկ. Վիգէն հաւատալով հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութեան, անդամագրուեցաւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին եւ տարիներ շարունակ իր ներդրումը բերելով եղաւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ապա նաեւ Շրջանային Վարչութեան անդամ: Ան Համազգայինէն ներս աշխատանք տարաւ հայ կրթութեան եւ մշակոյթին ջահը բարձր պահելու եւ նորահաս սերունդներուն մօտ մեր ազգային-մշակութային արժէքները մշտարծարծ պահելու:
Ընկեր Վիգէն ակնբախօրէն պաշտպան հանդիսացաւ Միութեան կանոնագրութեան, եւ ընդհանրապէս կարգ-կանոնի եւ օրէնքի գործադրութեան: Ան Միութեան շարքերէն ներս մեծ նուիրումով գործեց, տուաւ իր լաւագոյնը, յատկապէս Համազգայինը ՀԵՄ-ի անունին ներքոյ գործած տարիներուն: Համազգայնականները յաճախ կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս ընկ. Վիգէնը սրահային ձեռնարկներու փրոթոքոլային աշխատանքը ստանձնելով, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ հեզասահօրէն կը դասաւորէր բոլոր հրաւիրեալներուն տեղերը:
Ընկ. Վիգէն Համազգայինի կողքին եղած է նաեւ ազգային գործիչ եւ ՀՄԸՄ-ական հաւատաւոր եղբայր: Ան նուիրեալ ամուսին էր եւ սիրող հայր: Ան ծանօթ էր բոլորին՝ իր օրինապահութեամբ, յատկապէս Ազգային Առաջնորդարանէն ներս իր մատուցած ծառայութեան ընդմէջէն:։
Ընկ. Վիգէն գործի մարդ էր: Ան աշխատասէր եւ գործունեայ անձնաւորութիւն էր եւ քաջ կը գիտակցէր գործի կարեւորութեան, ինչպէս Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան կ’ըսէ.
«Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք, Որ խոսւում է դարէ դար, Երնէ՜կ նրան, որ իր գործով Կ’ապրի անվերջ, անդադար»։
Ընկեր Վիգէնը ընկերասէր էր, կը քաջալերէր երիտասարդները եւ միշտ պատրաստ էր գործակցելու անոնց հետ: Բոլորս պիտի յիշենք անոր աշխատասիրութիւնն ու ծառայասէր ոգին, որոնք մեզ պիտի մղեն առաւել լարուած աշխատանքի:
Յանուն Համազգայինի մեծ ընտանիքին, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ եւ հարազատներուն, մաղթելով Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը:
Ընկերոջ կատարած գործերը եւ պայծառ յիշատակը վառ կը մնան մեր յիշողութեան մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն
Հալէպ, 8 Մարտ 2025