Ուսումնասիրութիւններու Եւ Ծրագրերու Առաջարկներ
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յայտարարէ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորագրով ուսումնասիրութիւններու մրցութային ծրագիրի 2025-ի (երկրորդ) թողարկումը, որուն նպատակն է համախմբել հայ ուսանողութիւնը արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին շուրջ: Մրցոյթը կը նախաձեռնենք՝ նկատի ունենալով արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի արդիականութիւնը եւ գիտակցելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը այս հիմնահարցին ծառայեցնելու անհրաժեշտութեան:
Ծրագիրի հիմնական նպատակն է միաւորել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը եւ ներուժը՝ քաղաքական, տնտեսական, հասարակագիտական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքննողական լրագրութեան բնագաւառներուն մէջ եւ այն հասանելի դարձնել արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին առնչուող հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներուն եւ մարմիններուն՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Այս ծրագրի հովանաւորն է Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ-ի (Ազգային ժողովի) կողմէ լիազօրուած՝ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կոմիտէն, գլխաւորութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի:
Առ այդ, կոչ կ’ուղղենք Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն 20-35 տարեկան ուսանողներուն մասնակցիլ այս
ծրագրին:
Մասնակիցներուն աշխատանքը կը վերահսկեն հանրայայտ մասնագէտներ, որոնք կը ծառայեն որպէս խորհրդատուներ
(mentors):
Յայտադիմումները եւ ուղեկցող նպատակային բացատրագրերը պէտք է ներկայացուին 20 Ապրիլ 2025-ին այցելելով
կայքը:
Հետազօտական աշխատանքներու ներկայացման վերջնաժամկէտը 31 Յուլիս 2025-ն է:
Ծրագիրին համար նախատեսուած են հետեւեալ նիւթերը եւ խորհրդատուները.
Նիւթեր
Միջազգային Իրաւունք Եւ Փորձ
1.- Բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքի իրաւաքաղաքական հիմքերը միջազգային իրաւունքի շրջագիծէն ներս: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, Միջազգային արդարադատութեան դատարանը եւ այլ միջազգային հաստատութիւններ՝ այս իրաւունքի իրաւական հաստատման եւ իրագործման պարունակին մէջ:
– Ֆիլիփ Ռաֆֆի Գալֆայեան, միջազգային օրէնքի դոկտոր, իրաւաբանական խորհրդատու, գիտաշխատող եւ դասախօս Փարիզի «Պանթէոն Ասաս» համալսարանի, Ֆրանսա:
2.- Բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքի իրականացման նախադէպերու համեմատական վերլուծութիւն
եւ քաղուելիք դասեր. արցախահայութեան խնդիրի իւրայատկութիւնները (եթէ կան):
– Գառնիկ Քերքոնեան, իրաւաբան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ, Միացեալ Նահանգներ:
3.- Արցախահայերու իրաւունքները՝ որպէս բնիկ ժողովուրդ, միջազգային իրաւունքի ներքոյ: Վերադարձի իրաւունքի դերը Արցախի բնիկ հայութեան գոյատեւման եւ զարգացման ապահովման պարունակին մէջ:
– Գէորգ Յակոբճեան, իրաւաբան, միջազգային օրէնքի դոկտոր, Հայ իրաւական կեդրոնի տնօրէն խորհուրդի անդամ, Միացեալ Նահանգներ:
Վերադարձի Պայմաններ
4.- Արցախահայերու վերադարձի պայմաններու եւ նրանց ակնկալիքներու վերլուծական քննարկում՝ հիմնուած հարցախոյզերու եւ դէմ առ դէմ հանդիպումներու միջոցով ձեռք բերուած վիճակագրական տուեալներու վրայ:
– Աշոտ Ղուլեան, պատմաբան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, Հայաստան:
5.- Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման անվտանգային նախապայմանները, անոնց ապահովման տարբերակներն ու կիրառելիութիւնը:
– Կիրո Մանոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի քաղաքական հարցերի գրասենեակի պատասխանատու, Հայաստան:
6.- Արցախահայութեան կարգավիճակի հարցը՝ Արցախ վերադարձի ժամանակ: Արցախի կառավարման հնարաւոր տարբերակներ եւ մոտելներ (նախատիպեր):
– Արտակ Բեգլարեան, Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, Հայաստան:
7.- Բռնի տեղահանուած արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի կարեւորութիւնը եւ խմբակային կամ անհատական վերադարձի վտանգները:
– Յարութ Սասունեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Միացեալ Նահանգներ:
8.- Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անխափան ցամաքային կապի անհրաժեշտութիւնը: Այս նպատակով տարածաշրջանային ճանապարհային հաղորդակցութեան միջոցներու նոր պատկերացումներու ներկայացման փորձ:
– Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հետազօտական կեդրոնի դասախօս, Լիբանան:
Դերակատարներու Առնչութիւն
9.- Արցախի Հանրապետութեան կառավարման համակարգի օղակներու դիրքորոշման կարեւորութիւնը արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի հետապնդման գծով եւ կատարուած աշխատանքները: Արցախի Հանրապետութեան համար առաջարկութիւն՝ ի նպաստ վերադարձի քաղաքականութեան:
– Արմէն Սարգսեան, պատմաբան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան:
10.- Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշման կարեւորութիւնը արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի հետապնդման գծով եւ կատարուած աշխատանքները, թեր եւ դէմ յայտարարութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան համար առաջարկութիւն՝ ի նպաստ արցախցիներու վերադարձի քաղաքականութեան:
– Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լիբանան:
11.- Միջազգային, տարածաշրջանային եւ առանձին ուժերի եւ պետութիւնների դիրքորոշումը, շահագրգռուածութիւնը եւ հաւանական դերակատարութիւնը արցախահայութեան վերադարձի գծով:
– Դոկտ. Գէորգ Ղուկասեան, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ծրագրերու պատասխանատու, Հայաստան:
12.- Միջազգային կազմակերպութիւններու դերը ի դէմս՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ԵՄ-ի եւ այլ (եթէ կան)՝ արցախահայութեան վերադարձի հարցերու լուծման գծով եւ անոնց հնարաւոր դերը Արցախի մէջ:
– Մարիո Նալպանտեան, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհրդի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Արժանթին:
13.- Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը արցախահայութեան գծով՝ ներկայումս որպէս տեղահանուածների եւ ապագայում վերադարձի պարագային:
– Դոկտ. Կարին Յովսէփեան, Ֆրանսական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի վարիչ, Հայաստան:
14.- Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի հարցով բանակցային հարթակներու ստեղծման գործնական հնարաւորութիւնները եւ մեքանիզմները (գործիքակազմերը):
– Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ, Պելճիքա:
Արցախի Հայկական Ինքնութեան Պահպանում
15.- Վերադարձի իրաւունքի հարցով, Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը եւ գործնական հնարաւորութիւնները:
– Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, Հայաստան:
16.- Արցախահայութեան գոյքի պահպանութեան անհրաժեշտութիւնը վերադարձի իրաւունքի իրականացման պարունակին մէջ եւ անոր գործնական հնարաւորութիւնները:
– Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան, Հայաստան:
Ատրպէյճանի Դիրքորոշումն Ու Քայլերը
17.- Ատրպէյճանի կեցուածքը ընդհանրապէս վերադարձի իրաւունքի եւ յատկապէս՝ արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին վերաբերեալ:
– Աբրահամ Գասպարեան, «Ճենեսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն, Հայաստան:
Ուսումնասիրութիւնները պիտի գնահատուին հետեւեալ չափանիշներով.
– Արդիականութիւն,
– Կիրառական նշանակութիւն,
– Հետազօտական աշխատանքի ծաւալ,
– Աշխատանքի առարկայական հիմնաւորութիւն,
– Թեքնիք (արհեստագիտական) պահանջներու յարգում:
Խրախուսելի է մրցոյթին մասնակցութիւնը նաեւ խումբերու յառաջացմամբ: Ուսանողները կրնան կազմել առաւելագոյնը 3-ական անդամ ունեցող խումբեր:
Պատրաստուած հետազօտութիւնները պիտի քննուին խորհրդատուներէ բաղկացած դատակազմին կողմէ:
Մրցոյթին մասնակցած բոլոր ուսանողները կը ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատակազմի կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններու հեղինակները կը ստանան կրթաթոշակ. առաջին մրցանակին արժանացած ուսանող/խումբ՝ 1000, երկրորդ մրցանակ՝ 750 եւ երրորդը՝ 500 ամերիկեան տոլար պարգեւներով:
Մրցոյթի աւարտին կը գումարուի առցանց խորհրդաժողով, ուր լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացուին հանրութեան: Նաեւ բոլոր աշխատութիւնները կը հրատարակուին հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլին մէջ:
Մրցոյթի արդիւնքները կը հրապարակուին սոյն թուականի 2 Սեպտեմբերին:
Լուսաբանական հարցերու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել հետեւեալ հասցէին՝ ayf@arf.am:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ