Հայ Դատի համակարգի մէջ գործող Հայ Իրաւական Կեդրոնը (Armenian Legal Center) աշխուժօրէն մասնակցած է Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ նստաշրջանին` բարձրաձայնելով հակամարտային գօտիներու մէջ հայ կանանց պայքարի մասին, եւ պահանջելով որոշակի գործողութիւններ անոնց պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
Հայ Օգնութեան Միութեան հետ միասին, Հայ Իրաւական Կեդրոնը 12 Մարտին, ՄԱԿ-ի Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս (CCUN) կազմակերպած էր կից ձեռնարկ «Տոկունութիւն եւ վերականգնում. կանանց դերը հակամարտային գօտիներուն մէջ եւ առողջապահական պաշտպանութիւն» խորագիրով: Նախաձեռնութիւնը համախմբած էր փորձագէտներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու՝ քննարկելու Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի մէջ կանանց դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու փորձել գտնել լուծումներ։ Հարցին վերաբերող տարբեր նիւթեր ելոյթներ ունեցած են Արուսեակ Մելքոնեան, Թերեզա Երիմեան, Լորքի Լիպարիտեան, Գէորգ Յակոբճեան, Նայիրի Տէրտէրեան։

Հայ Իրաւական Կեդրոնի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան, մասնակցած է մէկ այլ քննարկումի, որ կը կրէր «Խօսքեր գետինէն. խաղաղութեան կառուցում, գործողութիւններու անհրաժեշտութիւն կանանց համար եւ զինեալ հակամարտութիւններու դէմ»։ Յակոբճեան անդրադարձած է զինեալ հակամարտութիւններու հետեւանքով տուժած կանանց իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութեան, անոնց դէմ յանցագործութիւն կատարած տուեալներու հաշուետուողականութեան եւ այդ նպատակներով միջազգային գործուն ձեւաչափեր ստեղծելու անհրաժեշտութեան։

Նման նախաձեռնութիւններու միջոցով Հայ Իրաւական Կեդրոնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը եւ միջազգային հանրութենէն պահանջելու որոշակի գործողութիւններ՝ պաշտպանելու հակամարտային գօտիներու մէջ գտնուող, ինչպէս նաեւ տեղահանուած հայ կանանց իրաւունքները: Անոնց ձայնը միջազգային հարթակներ հասցնելով՝ Հայ Իրաւական կեդրոնը կը շարունակէ արդարութեան եւ կայուն լուծումներու կոչ ուղղել անոնց համար, որոնք տուժած են Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
14 Մարտ 2025