ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը համաձայնութիւն գոյացուց հաղորդագրութեան մը շուրջ, որ «կը դատապարտէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ լայնածաւալ բռնարարքները, եւ Դամասկոսի մէջ փոխանցման իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու բոլոր սուրիացիները` անկախ անոնց ազգային ծագումէն կամ կրօնական պատկանելիութենէն»: