Կիրակի, 16 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Մեծ Պահեցողութեան Անառակի Կիրակիին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ թեմի եկեղեցիներէն ներս։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան։
Եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի, օրուան խորհուրդը արտայայտող շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց։

Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ պարզաբանեց Անառակի Կիրակիին խորհուրդը, հիմնուելով Ղուկասու Աւետարանին մէջ յիշուած Անառակ որդիի առակին վրայ (Ղկ 15.11-32), դիտել տալով, որ կրտսեր զաւակը աստուածային բարիքներով լեցուն հայրական տունէն հեռանալով, այլ խօսքով Հօր Աստուծոյ ներկայութենէն դատարկուելով՝ մեղքին ստրուկ դարձաւ, խոզարածութիւն կատարեց եւ երբ անդրադարձաւ իր սխալին՝ փնտռեց իր հօր տան փառքը եւ վերադարձաւ անոր։
Հետեւաբար, Մեծ Պահեցողութեան քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը ամենագեղեցիկ առիթն է աղօթքով, արցունքով եւ ապաշխարութեան գիտակցութեամբ անդրադառնալու մեր գործած սխալներուն, Աստուծմէ հեռացած ըլլալուն եւ անառակ կեանք ապրելուն եւ վերադառնալու Աստուծոյ՝ կեանք պարգեւողին, որ կ՚ուզէ բոլոր մարդոց փրկութիւնը։

Սրբազան Հայրը Աստուածաշունչէն մէջբերում կատարելով, քանի մը ակնարկներ կատարեց, յայտնելով, որ Քրիստոս կենսատու ջուրի աղբիւրն է եւ բոլորին փրկութիւնը կ՚ուզէ։ Ան ճշմարիտ լոյսն է, որ աշխարհ գալով լուսաւորեց երկիրը, ինքզինք ընծայեց, որպէս ձրի պարգեւ եւ կը սպասէ, որ մեր ձեռքերը երկարելով մօտենանք իրեն, ականջ տանք իր խօսքերուն, իր կամքը ճանչնանք եւ Աստուծոյ ճամբայէն քալելու հնազանդութեան հոգին ունենանք։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մեզի տրուած բոլոր բարիքներն ու շնորհները Աստուծոյ կողմէ տրուած են։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ անոնք այնպէս օգտագործենք, որ Աստուծոյ անունն ու պատիւը փառաբանուի։
Ան աղօթեց, որ քառասնօրեայ պահեցողութեան օրերուն Սուրբ Հոգին յանդիմանութեան կոչնակով մեզ զգաստացնէ, որպէսզի ապաշխարութեամբ, աղօթքով եւ արցունքով անդրադառնանք մեր գործած մեղքերուն եւ վերադառնանք Հօր Աստուծոյ։
Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։