Բերիոյ Հայոց Թեմը հայ համալսարանականներու երթեւեկութեան ծրագիրի գործընթացը պիտի շարունակէ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակին եւս։

Արձանագրութիւնները պիտի կատարուին Ա.Մ.Ժ.Տան «New Sbidag» ճաշասրահէն ներս, 20 Մարտ 2025-էն մինչեւ 23 Մարտ 2025, երեկոյեան ժամը 5։30-էն 8։00։
Արդ, ձեր հետ ունենալով հին անդամաքարտերը՝ հարկ է ներկայանալ վերոյիշեալ օրերուն եւ ժամերուն՝ վճարումը կատարելու համար։
Այս կիսամեակին, մասնակցութեան սակն է՝ 30.000 ս.ոսկի։