Հայկական աւանդութիւնները պահող եւ մեր հնագոյն սովորութիւններու օղակները շարունակող «Նայիրի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը իր աւանդական «Նայիրիի Օր» ձեռնարկը կազմակերպեց տօնախմբելու մասնաճիւղի անուանակոչութեան 40-ամեակը: Արդարեւ Ուրբաթ, 14 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէին «Գ. Համալեան» սրահը լի էր խաչուհիներու հոծ բազմութեամբ: Մուտքին խաչուհիները հիւրասիրուեցան քաղցրաւենիքի յանձնախումբի ընկերուհիներուն ձեռամբ պատրաստուած խաղողի համեղ պաստեղով:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Վարչութեան խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Քնար Տէմիրճեան, որ ըսաւ. «Հոգեկան անհուն բերկրանքով կ’ոգեկոչենք «Նայիրի» մասնաճիւղի 40-ամեակը: «Նայիրի» մասնաճիւղը այսօր ունի 40 տարիներու հարուստ պատմութիւն, ծառայասէր, անշահախնդիր եւ նուիրեալ խաչուհիներու գործունէութեամբ լեցուն, ՍՕ Խաչի հսկայ կաղնիին շուքին ներքեւ։ Կանայք եւ յատկապէս խաչուհիներ յառաջատար դերեր խաղցած են մեր ազգային ժառանգութեան պահպանման գործընթացին մէջ։ Հայ մայրը, որ մարմնացումն է սիրոյ, գուրգուրանքի եւ զոհողութեան ունեցած է ծանր պարտականութիւն իր զաւակները իբրեւ հայ դաստիարակելու։ Անոնց ներշնչած է հայրենասիրութիւն, սորվեցուցած է յարգել հայոց եկեղեցին, լեզուն եւ հայկական աւանդութիւնները»։
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց անդամուհիները Կանանց Միջազգային եւ Մայրերու զոյգ տօներուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի վարչութեան, խումբերուն, խմբապետական կազմին եւ յանձնախումբերուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կը ծառայեն մասնաճիւղի բարգաւաճման՝ անխախտ հաւատք ունենալով ՍՕ Խաչի վեհ առաքելութեան նկատմամբ։
Այնուհետեւ Թամար Սարաֆեան ներկայացուց օրուան բանախօս վաստակաշատ ընկհ. Հռիփ Կանանեանի կենսագրական տուեալները եւ հրաւիրեց ներկայացնելու «Նայիրի»-ի 40-ամեայ պատմականը։
Հռիփ Կանանեան համապարփակ ձեւով ներկայացուց «Նայիրի»-ի 40-ամեայ հակիրճ պատմականն ու աշխատանքները։ Ան անդրադարձաւ Հայ Կարմիր Խաչի ծնունդին ու ըսաւ. «1910-ին բուռ մը ամերիկահայ մայրեր ու քոյրեր Ակնունիի յանձնարարութեամբ հիմնեցին Հայ Կարմիր Խաչը, որ հայ կեանքէն ներս եղաւ մայրական գթառատ ձեռք։ 1915-ի Եղեռնին բռնագաղթի ենթարկուած հայութիւնը ապաստան գտած էր Սուրիոյ մէջ, յատկապէս Հալէպի մէջ, որուն վիճակուած էր վերապրողները ընդունիլ եւ տեղաւորել ազգապատկան շէնքերու եւ դպրոցներու մէջ։ Այս առաջադրանքէն մեկնած խումբ մը ազգայիններ 2 Սեպտեմբեր 1919-ին Հալէպի մէջ հիմնեցին Հայ Կարմիր Խաչի Միութիւնը, որ մեծ ներդրում ունեցաւ Եղեռնէն ճողոպրած հայորդիներու ձեռք երկարելու աշխատանքին մէջ՝ դառնալով նեցուկ աղքատին, յոյսի աղբիւր հիւանդին, ապաստան որբին ու անտէրին։
Այս հսկայ կազմակերպութեան շառաւիղներէն մէկը եղաւ ՍՕ Խաչը։
«Նայիրի» մասնաճիւղը ունենալով խմբային դրութիւն կազմակերպեց դաստիարակչական, մշակութային եւ կազմակերպչական ծաւալուն գործունէութիւն եւ որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն իր ծրագիրներուն ներառեց ազգային, եկեղեցական մեր տօները եւ նոր սերունդին փոխանցեց աւանդութիւնները։ Այսօր 105 տարիներու պատմութիւն մը իր ետին կը ձգէ Օգնութեան Խաչը, որուն հիմնադիրները գիտցան թէ մեր մղիչ ուժը մեզ կենսաւորող հոգիին մէջ կը կայանայ։ Կը ցանկանք, որ նոր սերունդը այդ ոգիով շարունակէ գործել։ Խաչի լոյսով ծնունդ առած եւ Խաչի լոյսով իր երթը շարունակած այս կազմակերպութիւնը խիղճն է հայութեան, խօսքն է հայ սրտին, բալասանը հայու վերքին եւ վկան հայրենասիրութեան»։
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Այտա Ասատուրեան՝ «Սարերի Հովին Մեռնեմ» երգով։ Սոնա Չալօղլեան ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» քերթուածը, երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։
Ապա տեսերիզով ցուցադրուեցաւ ՍՕ Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչական կազմերու քառասուն տարուան պատկերաշարը։
Յայտագիրի յաջորդ բաժինով Շողիկ Խաչոյեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ հռչակուած «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»-ին, յորդորելով պահպանել ազգային, եկեղեցական եւ ընտանեկան աւանդութիւնները, որոնք մեզի հասած են անցեալէն եւ զանոնք փոխանցել մեր զաւակներուն ու յաջորդ սերունդներուն։ Ապա յայտնեց, որ ՍՕ Խաչն ալ եղած է աւանդապաշտ եւ իր բազմաբնոյթ ծրագիրներու կողքին միշտ առաջնահերթ նկատած է պահպանել հայ ժողովուրդի ինքնուրոյնութիւնը յատկանշող սովորութիւններն ու աւանդութիւնները։
Ապա «Նայիրի»-ի 40-ամեակի տօնակատարութեան առիթով յառաջացած յանձնախումբի ընկերուհիները զաւեշտ մը ներկայացուցին՝ «Հայկական աւանդական աղջիկտեսը, նշանադրութիւնը ետքը պսակադրութեան արարողութիւնը» նիւթով։ Զաւեշտի ներկայացման ընթացքին Տիանա Թովմասեան յայտնեց, որ ոչ մէկ հայկական հարսանիք տեղի չէր ունենար առանց լաւաշ թխելու։ Հարսանիքի օրը ապագայ կեսուրը դիմաւորելով նորապսակները՝ անոնց ուսերուն լաւաշ կը փռէր, մաղթելով պտղաբերութիւն։
Մասնաճիւղի ատենապետուհին գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին։ Ձեռնարկին գեղեցիկ երեւոյթ էր նաեւ վարչութեան կողմէ նուիրուած ծաղիկները յայտագրին մասնակցութիւն բերողներուն։ Աւարտին ատենապետուհին հրաւիրեց այն ընկերուհիները, որոնք 40 տարիներու ընթացքին վարած են վարչական պաշտօն՝ միասնաբար հատելու 40-ամեակի կարկանդակը։
Սոնա Զամպագճեան-Ճարպիկեան