ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցին զինադադար հաստատելու սահմանին եւ ամրագրելու երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնն ու անվտանգային աշխատանքներու համակարգումը։
Համաձայնութիւնը գոյացաւ սուրիական եւ լիբանանեան բանակի միաւորներուն միջեւ բախումներէն ետք։
Լիբանանեան բանակը Երկուշաբթի առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 16 Մարտին Քասր-Հերմել շրջանին մէջ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ երկու սուրիացիներու սպանութենէն եւ երրորդի մը վիրաւորուելէն ետք, վիրաւորը դարմանումի համար փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն մահացած է, որուն լոյսին տակ բանակը ապահովական արտակարգ քայլեր որդեգրած է եւ 16 Մարտի գիշերէն մինչեւ 17 Մարտի առտու աշխուժ հաղորդակցութիւններ ունեցած է եւ երեք դիակները յանձնած սուրիական կողմին:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը դատապարտեց «Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ իրադարձութիւններուն հետեւող լրագրողներու խումբի մը ուղղակի թիրախաւորումը հեռակառավարուող հրթիռով մը, զոր արձակեցին Հըզպալլայի անդամներ` Կիրակի օր սուրիական բանակէն երեք անձեր առեւանգելով սպանելու ոճիրը գործելնէն ետք»:
«Այս յարձակումը բացայայտ խախտում է միջազգային օրէնքներու եւ կանոններու, որոնք իրենց առաքելութեան կատարման ընթացքին լրագրողներու պաշտպանութիւնը կ՛ապահովեն», նշեց նախարարութիւնը:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը լիբանանեան պետութեան կոչ ուղղեց` «յանցագործները հաշուետուութեան ենթարկելու իր պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելու»:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ բախումներու պատճառով Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 4 անդամներ սպանուած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած: