Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը 17 Մարտին հերքեց ատրպէյճանական կողմի այն պնդումը, որ իբրեւ թէ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու վրայ:
Պաքուի պնդումով` հայկական կողմը ատրպէյճանական դիրքերու վրայ կրակած է 17 Մարտի ժամը 01:25-12:55 ինկած ժամանակահատուածին մէջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը առաջարկած է հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան համար Հայաստան-Ատրպէյճան միացեալ մեքանիզմ ստեղծել, սակայն Ատրպէյճան ցարդ չէ արձագանգած:
Աւելի ուշ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը դարձեալ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին ապատեղեկատուութիւն տարածած է` աւելցնելով, որ ատրպէյճանական կողմի պնդումները, որ իբրեւ թէ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու վրայ, չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը մասնաւորապէս յայտնած է, թէ հայկական կողմը 17 Մարտին, ժամը 17:25-21:45 ինկած ժամանակահատուածին կրակ բացած է ատրպէյճանական դիրքերուն վրայ:
Ատրպէյճանական կողմէն ապատեղեկատուութիւններու այս արշաւը սկսած էր նախանցեալ օր: