ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան 17 Մարտին այցելեց Հալէպի նահանգապետարան եւ հանդիպում
ունեցաւ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ
ալ-Ղարիպի հետ: Այս մասին կը յայտնէ հիւպատոսութեան դիմատետրի էջը։ Հանդիպման ներկայ եղած են նահանգապետի տեղակալ Ֆաուազ
Հիլալ, խորհրդական Ղասսան Ֆարրուհ,
քաղաքական հարցերու վարչութեան
տնօրէն Սաատ Նաասան,
հասարակայնութեան հետ կապերու
վարչութեան պետ Եասէր Մաուլաույի եւ
քաղաքական յարաբերութիւններու
վարչութեան հիւպատոսական բաժինի
պետ Ահմետ Պատաուի:
Հանդիպման սկիզբը գլխաւոր
հիւպատոսը շնորհավորած է ալ-Ղարիպը
Հալէպի նահանգապետի կարևոր
պաշտօնին նշանակուելու, ինչպէս նաև
Ռամատան ամսուան առիթներով:
Ճանաչողական զրոյցէն ետք,
նահանգապետ ալ-Ղարիպ
շնորհակալութիւն յայտնած եւ
հետաքրքրուած է Սուրիոյ,
յատկապէս Հալէպի եւ
Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերու
թիւով, աւելցնելով, որ Սուրիոյ
ժողովուրդը միշտ ջերմութեամբ եւ
եղբայրաբար ընդունած է հայերը եւ այդ վերաբերմունքը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային: Ան յոյս յայտնած է, որ ճգնաժամային իրադարձութիւններու պատճառով Սուրիայէն դուրս եկած
սուրիահայերը կը վերադառնան իրենց
տուները:
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Ա.
Աւետիսեան պատասխանելով
նահանգապետի հարցումներուն՝
անդրադարձած է հայ-արաբական
աւանդական կապերուն եւ վստահութիւն
յայտնած, որ այդ օրինակելի
յարաբերութիւնները ունին
ամրապնդուելու բոլոր
հնարաւորութիւնները եւ
առաւել զարգացնելու Հայաստան-Սուրիա
միջպետական յարաբերութիւնները,
որոնք աւանդաբար բարեկամական եւ
ջերմ եղած են։ Ա. Աւետիսեան
ներկայացուցած է մինչեւ 2011 երկու
երկիրներու միջեւ աշխոյժ
գործակցութիւնը՝ կրթութեան,
մշակոյթի, գիւղատնտեսութեան եւ
գիտութեան ոլորտներու մէջ, որուն հետագայ զարգացումը խանգարեց Սուրիոյ մէջ ծաւալած քաղաքացիական պատերազմը:
Գլխաւոր հիւպատոսը անդրադարձած է
նաեւ յատուկ Սուրիոյ մասնագէտներուն
համար Մատենադարան-հիմնարկ,
ինչպէս նաեւ ՀՀ ԱԳՆ դիւանագիտական
դպրոցի քանի մը մասնագիտական
դասընթացքներուն,
աւելցնելով, որ սուրիական կողմի
ցանկութեան պարագային հայկական կողմը պատրաստակամ է եւ կը դիտարկէ նման ձեռնարկներու կազմակերպումը: Ա.
Աւետիսեան անդրադարձած է նաեւ
Սուրիոյ, Հալէպ
նահանգին մէջ 5 տարի գործած Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան
իրականացուցած հսկայածաւալ եւ կարեւոր
գործունէութեան: Ան նշած է նաեւ, որ
Հայաստանի մէջ բարին երբեք չի
մոռցուիր եւ 23 Փետրուար 2023-ին
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաւոր
աղէտին՝ երկրաշարժի օրերուն, ՀՀ մարդասիրական իր օժանդակութիւնը բերաւ ՝ Սուրիա ղրկելով մասնագիտացած
փրկարար ջոկատ եւ
մարդասիրական օգնութիւն: Գլխաւոր
հիւպատոսը նահանգապետին
ներկայացուցած է վերջերս տեղի ունեցած ՀՀ արտաքին գործոց
փոխնախարար Վ. Կոստանեանի այցը
Դամասկոս եւ ձեռք բերուած
Համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը:
Հանդիպումը անցած է ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ կողմերը երկուստեք գոհունակութիւն
յայտնած են արդիւնքներուն գծով՝
շեշտելով, որ հանդիպումները
պիտի դառնան շարունակական: