Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԱՄԺ Տան «Լ․Շանթ» սրահին մէջ կազմակերպեց մասնաճիւղի յոբելեանին նուիրուած շքեղ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել «Անի» մասնաճիւղի դերը Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի աշխատանքներուն մէջ եւ անդրադառնալ Կանանց Միջազգային Օրուան, ապա նաեւ հայ կեանքէն ներս ՀՕՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի դերակատարութեան։
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան, ՍՕ Խաչի Շրջ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներ, մասնաճիւղի վարչամեքենայի եւ այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ։
Մասնաճիւղ վարչութեան անդամ Սալբի Արթինեան ձեռնարկը բաց յայտարարեց ՀՕՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի քայլերգներով։ Այնուհետեւ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Շողիկ Տէր Պօղոսեանը արտասանելու վարչութեան խօսքը։
Տէր Պօղոսեան ըսաւ․ «20-րդ դարու առաջի կիսուն, սփիւռքահայ պատմութիւնը յատկանշուեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի բազմակողմանի եւ բազմատեսակ ծառայութիւններով, որոնք տարածուեցան մեր ընկերային, հասարակական ու կրթական կեանքին վրայ։ 106 տարի առաջ ծնունդ առած ՍՕ Խաչը գործեց հիմնադիրներու շունչով ու անոնց նախագծած ուղիէն ընթանալով ուռճացաւ,հզօրացաւ ու այսօր ծաւալած է Սուրիական հայրենիքի տարածքին իր տասնեակ մասնաճիւղերով։ 1934-ին հիմնադրուած Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի առաջին (Քաղաքի) մասնաճիւղը ,աւելի քան 50 տարի գործեց ու ծառայեց միութեան գաղափարին, բազմաբնոյթ գործերուն առընթեր մինչեւ 1985 անսակարկ նուիրումով հոգաց Ազգ.Պատսպարանի խնամակալութեան պարտականութիւնը,։Անոր հովանիին տակ գործեցին նաե՛ւ «Քաղաք»-ի արծուիկները։ 1985 թուականը յատկանշական եղաւ ՍՕ Խաչին համար։ Շրջանային 18-րդ պատգամաւորական ժողովի որոշումով «Քաղաք»-ի մասնաճիւղը մկրտուեցաւ փառապանծ «Անի» մայրաքաղաքին անունով։ Այսօ՛ր հոգեկան հաճոյքով կը յիշատակենք «Անի» մասնաճիւղի անուանակոչումին 40-ամեակը, որ կը զուգադիպի Հայ Օգնութեան Միութեան 115-ամեայ յոբելեանին։ Ժողովուրդի երկունքէն ծնած ՀՕՄ-ը ամենամեծ պարգեւն էր հայ ժողովուրդին։ Կանացի սյս հզօր կազմակերպութիւնը բարեսիրական իր աշխատանքին կողքին փաստեց, որ հայ կինը գերազանցօրէն կրնայ տէր կանգնիլ իր ազգային առաքելութեան»։
Գեղարուեստական յայտագրով նախ ներկաները դիտեցին պատմական «Անի» քաղաքը ներկայացնող տեսերիզ մը։ Այնուհետեւ Լիւսի Այվազեան մեներգեց «Պինկէօլ» եւ «Առաջին Սիրոյ Երգ»-ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մկօ Ղազարեանի։
Բեմահարթակը գեղեցկացած էր հայկական ձեռագործներով եւ կիրառական արուեստի նմոյշներով, որոնք իւրայատուկ երանգ մը տուած էին սրահին։
Օրուան բանախօսն էր «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։ Ան անդրադարձաւ Կանանց Միջազգային Օրուան ծնունդին եւ հայ կեանքէն ներս ունեցած անոր անդրադարձին՝ պատմական Հայաստանի մէջ՝ հայ կին գրողներու գործերէն սկսեալ, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտում եւ ապա Հայաստանի երկրորդ եւ ներկայ հանրապետութիւններ։ Պօղիկեան դիտել տուաւ, որ հայ կինը ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ունեցած էր առաջին հանրապետութեան օրէն իսկ, ամրագրուած Հայաստանի սահմանադրութեամբ, ապա յիշեց կին դեսպաններ ու քաղաքական գործիչներ, հայ ազատագրական պայքարին ու արցախեան ազատամարտին մասնակից հերոս մայրեր ու քոյրեր, հասնելով ՀՕՄ-ի դերակատարութեան եւ հայ կնոջ բարեսիրական աշխատանքն ու ինքնակերտումը քաջալերող միութեան տարբեր ծրագիրներուն։ Պօղիկեան դիտել տուաւ, որ ներկայ ժամանակներուն հայ կինը, ուսուցիչ ըլլայ, ձեռնարկատէր, թէ մայր, իր հեղինակութիւնը պիտի պահպանէ մասնագիտական աշխատանքի ուղին հարթելով, իսկ միութենական կեանքի մէջ որոշումներու եւ առաջարկներու մասնակից ըլլալով ու իր կարծիքը շօշափելի աշխատանքի վերածելով։ Կրաւորական մնալն ու կնոջ իրաւունքներու մասին խօսիլը անիմաստ կը դառնան, նշեց Պօղիկեան, եթէ կինը, ուսուցիչը, մայրը, միութենականը, ձեռնարկատէրը աշխատանքով ու մասնագիտական որակով մասնակից չդառնան երկրի, համայնքի, թէ միութեան յառաջդիմութեան գործընթացին։ Ան յորդորեց երիտասարդ սերունդի հայուհիները քաջալերել, որ ընտանիք կազմելու, անոր հիմերը ամուր պահելու կողքին, մասնագիտանան իրենց աշխատանքին մէջ եւ նոր որակ ձեռք բերելով, ժամանակին համահունչ աշխատանքով ներդրում բերեն նաեւ իրենց միջավայրին, երկրին եւ միութեան։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ծառատնկումի խորհրդանշական արարողութիւնը։ Մասնաճիւղի վարչամեքենայի երիցագոյն ընկերուհիները ծառ մը տնկեցին, որպէս խորհրդանիշը մասնաճիւղի գոյատեւման, անոր մէջ տեղաւորելով նաեւ Արեւմտեան Հայաստանէն բերուած պտղունց մը հող, որպէսզի մեր արմատները չուրանանք ու կառչած մնանք մեր ազգային արժէքներուն։
«Անի» Մասնաճիւղի Շրջ․ Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Տէրեան-Մանուէլեան խօսք առնելով գնահատեց կամաւոր ծառայութեան նուիրուած հայուհիները, որոնց հաւաքական ճիգը մեր ներդրում է համայնքին, ինչպէս նաեւ կը պայծառայցնէ միութեան ու հայ կնոջ կերպարը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի վարչութեան իր կազմակերպած ձեռնարկին համար եւ բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղին ու ՍՕ Խաչին ընդհանրապէս։
Այս առիթով մասնաճիւղ վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան մասնաճիւղի վարչամեքենային մէջ 15 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող խաչուհիները, ձեռամբ Շրջ․ Վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի եւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մարալ Տէրեան-Մանուէլեանի, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի ատենապետ Շողիկ Տէր Պօղոսեանի։
Տեղի ունեցաւ «Անի» Մասնաճիւղի անուանակոչութեան 40-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատումը։
Ձեռնարկը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով։
Թղթակից