Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարար երկրչփ. Օմար Շաքրուք յայտնեց, որ ելեկտրական կայաններու նորոգութենէն ետք, Ռամատանի ամսուան սկիզբը ելեկտրամատակարարման ժամերը աւելցան։ ՍԱՆԱ-ի համաձայն, նախարարը ըսաւ, որ կը ծրագրուի մինչև օրական 8 ժամի հասցնել մատակարարումը, վառելանիւթի ապահովումէն ետք:
«Արդիւնաբերական քաղաքներուն օրական 24 ժամ ելեկտրականութիւն ապահովելու ծրագիր ունինք։ Ելեկտրամատակարարման բարելաւումը կը ներառէ բոլոր նահանգները, մշակած ենք նաեւ այլընտրանքային կենսուժի ցանցին աջակցելու ծրագիր։ Այդուամենայնիւ շուրջօրեայ ելեկտրամատակարարում ապահովելը կարելի չէ, քանի որ անոր համար կարիք կայ օրական 23 մլն խմ կազի և 5 հազար թոն վառելանիւթի», աւելցուց նախարարը։